Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ՆԻՍՏԸ` ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆԻ

January 10, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային պաշտպանութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց երեսփոխան Սամիր Ժսըր` ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Ղոսընի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ Արսալի մէջ Քայիտայի ցանցի անդամներ կը գտնուին:

Նշենք, որ նիստը ընթացաւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ: Նիստէն ետք Ժսըր յայտնեց, որ Ղոսըն իր յայտարարութեամբ ըսել չէ ուզած, որ Արսալ եւ անոր բնակչութիւնը կը պահպանեն Քայիտան, այլ` նկատել տուած է, որ Քայիտայի անդամներ կը գտնուին Լիբանան – Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ:

Ժսըր նշեց, որ Ղոսըն պաշտպանութեան նախարարութեան պետն է եւ ինքն է, որ կը կարդայ բոլոր տեղեկագիրները եւ այդ մասին հարց կու տայ ներքին գործոց նախարարին` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը եւ երկրին ապահովական կառոյցները մնայուն գործակցութեան մէջ են:

Երեսփոխան Ղազի Զաայթեր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելէն եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիէն պահանջեց Քայիտայի մասին իրենց տեղեկութիւնները փոխանցել:

Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխաններ իրենց կարգին հաստատեցին, որ նախարար Ղոսընի հաստատումը Լիբանանի մէջ Քայիտայի ցանցի գոյութեան մասին բաւական լուրջ է եւ վտանգաւոր` աւելցնելով, որ Ղոսըն յստակ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած ըլլալու է եւ այդ տեղեկութիւնները կարելի չէ բացայայտել, որովհետեւ անոնք խիստ գաղտնի են:

Իրենց կարգին, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յայտնեցին, որ Ղոսընի տուած բացատրութիւնները անբաւարար են:

Այս շրջագիծին մէջ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կառավարութենէն պահանջեց այս նիւթով յատուկ նիստ մը գումարել, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութենէն պահանջեց գործնական գետնի վրայ ստուգել, թէ Քայիտայի ցանցը Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի՞, թէ՞ ոչ:

Երեսփոխան Ժորժ Ատուան իր կարգին պահանջեց լիբանանեան բանակէն հսկել Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանը եւ դէմ դնել սահմանը խախտող ոեւէ սուրիացի զինուորի:

ՄԻՒՍ կողմէ, նշենք, որ վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը եւ վաւերացուց Լիբանանի մէջ բանտարկութեան տարին ինը ամիսի վերածելու առաջարկը:

 

Նախորդը

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՀԵՏ ԼՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆՔ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.