Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

January 10, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի նշեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւն գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ նախարարութեան մէջ գործող պաշտօնեաներուն համար նախարարութեան բոլոր տեղեկութիւնները հասանելի են եւ իւրաքանչիւրը իր փափաքած տեղեկութիւնը կ՛աւելցնէ նախարարութեան փաստաթուղթերուն վրայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ հերթաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին եւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա նշեց, որ ինք լաւատես է սահմանային կայունութիւնը պահպանելու առումով: Ան աւելցուց սակայն, որ կան որոշ խմբաւորումներ, որոնք կը փորձեն հարաւի կայունութիւնը խախտել:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ նախքան 2012-ի աւարտը, բոլոր լիբանանցիները առողջապահական ապահովագրութիւն պիտի ունենան:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի քաջատեղեակ են Լիբանանի մէջ Քայիտայի գոյութեան մասին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ յայտնեց, որ եթէ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն փաստեր չներկայացնէ իր կատարած յայտարարութիւններուն մասին, ապա անհրաժեշտ է անոր շնորհուած վստահութեան քուէն վերատեսութեան ենթարկել:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ Ժամաա Իսլամիէն գաղտնի կամ բացայայտ զինուորական թեւ մը չունի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի համաշխարհային համադաշնակցութեան նախագահ Սամի Խուրի յայտնեց, որ մարոնի ղեկավարներուն պարտականութիւնն է պաշտպանել հայրենիքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ նշեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը փաստած է, թէ ինք անկարող է երկրին հարցերը լուծելու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ այս շաբթուան ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը քաղաքական տագնապալի հանգրուանի մը դէմ յանդիման գտնուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը յամառին Քայիտայի մասին տեղեկութիւնները շեշտել եւ երկրին քաղաքական իրավիճակը աւելի եւս փոթորկեցնել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ աշխատավարձերու յաւելման վերաբերող համաձայնութիւնը, որ ստորագրուեցաւ տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ, ապօրինի է:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ աշխատավարձերու սրբագրման թղթածրարը այս շաբթուան ընթացքին պիտի լուծուի, ինչ ալ ըլլան այդ մասին արտայայտուող կեցուածքները:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, կառավարութիւնը այսօր պիտի նշանակէ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղարն ու քաղաքական հարցերու տնօրէնը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սրի Լանքայի դեսպան Մերասահիպ Մահրուֆը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց վերադառնալու լիբանանեան ազգային երկխօսութեան եւ գործելու ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն ապահովումին:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը 7 եւ 8 յունուարին ամբողջ Լիբանանի տարածքին իրենց կատարած հետապնդումներուն իբրեւ արդիւնք ձերբակալած են 65 յանցագործներ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Սուրիոյ վարչակարգին տապալման վրայ գրաւ դնողները յուսախաբ պիտի ըլլան:

 

 

Նախորդը

ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՆ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ

Յաջորդը

ՄԻՔԱԹԻ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՅԱՑԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.