Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի նախագահութեամբ, 19 մարտին տեղի ունեցաւ կառավարութեան նիստ:
Օրակարգին վրայ էին տարբեր հարցեր, որոնք կը վերաբերին «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի քայլերուն, որոնց գծով նախագահ Բակօ Սահակեան տուաւ յստակ յանձնարարականներ` անոնց պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:
Նիստի ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ համաճարակային իրավիճակին եւ սուր շնչառական վարակներուն դէմ դնելու միջոցներուն, յատկապէս` «Քորոնա» ժահրի տարածման: Երկրի ղեկավարը անգամ մը եւս ընդգծեց բոլոր կանխարգելիչ միջոցներու շարունակական ձեռնարկման եւ հանրապետութեան մէջ համաճարակային իրավիճակին նկատմամբ մնայուն վերահսկողութեան անհրաժեշտութիւնը:



