Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Խորհրդակցական Հանդիպումներ Ունեցաւ

March 19, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 մարտ 2020-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցաւ` Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի ենթակայութեան տակ գործող հիմնարկներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ:

Քննարկուած են մայրաքաղաքին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման եւ կայուն համաճարակային վիճակի պահպանման առումով իրականացուող համալիր աշխատանքներու ընթացքին վերաբերող հարցեր:

Նախագահը յանձնարարականներ տուաւ ներկաներուն` քննարկուած հարցերուն պատշաճ եւ համակարգուած լուծում տալու ուղղութեամբ:

Խորհրդակցութեան մասնակցեցան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեան եւ այլ անձեր:

Նոյն օրը եւ նոյն նպատակով Արցախի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ` պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ: Քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ սահմանի ներկայ իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ բանակին մէջ սուր շնչառական վարակներու եւ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն:

Նախագահ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուաւ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմին` քննարկուած հարցերուն համակարգուած լուծում տալու ուղղութեամբ:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակման Դէպք Չկայ

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 110-ի

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.