Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերական Մտորումներ. ՏԵՍԱԿԸ

March 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

– Ըլլա՛լ:

Այսպէս կ՛աւարտէի նախորդ յօդուածներէս մէկը` ակնարկելով մեր կուսակցութիւններու առաքելութեան. ըլլալ, գոյութի՛ւն ունենալ մեր կեանքին մէջ, գործե՛լ:

Գործել` յանուն ինչի՞, ընդդէմ ինչի՞:

Եթէ հարցումը այլապէս դնենք, ինչպէս դիտել կու տար ընթերցող մը, ի՞նչ ըլլալ եւ ինչպէ՞ս ըլլալ:

Ըսած եմ ու կրկնութեան գնով վերստին ըսեմ` կուսակցութիւնները ժամանցի վայրեր չեն, իսկ կուսակցական ըլլալը հաճելի պահեր ապրելու համար, ազատ ժամանակը լաւ, թէկուզ օգտակար ձեւով անցընելու համար չէ, պէտք չէ ըլլայ:

Կուսակցութիւնները տեսլականներ ունին,  ունենալո՛ւ են, այլապէս ինչո՞ւ կան. եւ ունին նպատակներ ու կը գործեն զանոնք իրականացնելու համար` առաջնորդուելով իրենց գաղափարաբանութեամբ, ծառայելով իրենց ժողովուրդին, այսինքն` հետապնդելով ազգի ու հայրենիքի բարօրութիւնը, յառաջդիմութիւնը, զարգացումը: Եթէ այդպէս չէ, կուսակցութիւն մը կը դառնայ սնամէջ կազմակերպութիւն մը, կուսակցական ըլլալն ալ` «պարապ վախտի խաղալիք», ինչպէս օրին բանաձեւեր է Խաչատուր Աբովեան:

Ամբողջ կեանք մը պատկանելով մէկ կուսակցութեան մը, ես կրնամ անո՛ր մասին իմ պատկերացումը արտայայտել` ուրիշներուն թողելով իրենց պատկանած կամ չպատկանած կուսակցութիւններուն մասին արտայայտուելու իրաւունքն ու պարտականութիւնը:

Արդ, յանուն ինչի՞ եւ ընդդէմ ինչի՞ է, որ կը գործէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որուն ճամբով է, հաւատացած եմ, որ ես կրնամ ծառայել ժողովուրդիս:

ՀՅԴ կարմիր դրօշին վրայ քանդակուած են կարգախօս մը եւ զինանշան մը: Այդ երկուքն են, որ կը բնորոշեն կուսակցութեան էութիւնը, կը բնութագրեն անոր «ինչ»-ը եւ «ինչպէս»-ը եւ ի հարկէ` «ինչու»-ն:

«Ազատութիւն կամ մահ». ահա կարգախօսը` յանուն ազատութեան, ընդդէմ մահուան, յանուն ազա՛տ ապրելու իրաւունքին, ընդդէմ ստրկութեան, որ համազօր է մահուան: Եթէ չկայ ազատութիւն` իր մարդկային, համամարդկային ազնուագոյն իմաստով, ապա մա՛հ է` ի՛նչ ձեւի տակ որ ըլլայ` ֆիզիքական թէ բարոյական: Մե՜ծ, շա՛տ մեծ իմաստ կը բովանդակեն այդ երկու բառերը:

Ազատութի՜ւն` լիաթոք շնչելու եւ ապրելու «այս լուսնի տակ», բոլորին հաւասար իրաւունքներով, վայելելու երկրագունդին ընձեռած բարիքները` բոլորին հետ հաւասարապէս բաժնելով զանոնք, անկաշկանդ ստեղծելու, ստեղծագործելու` մաս կազմելով աշխարհի քաղաքակրթութեան երթին, հարստացնելո՛վ զայն:Սեփական լեզուով ու ոճով աղօթելու, երգելու, պարելու, դրսեւորելու ինքնուրոյն դէմքը, բարքերը, բարոյական հասկացութիւնները, պաշտպանելու հողը, բնութիւնը, երկի՛րը, շէնցնելով զայն, կերտելո՛վ: Ո՛չ ի հեճուկս այլոց, այլ` յաղագս բոլորին:

Իսկ մա՞հը… հալածանքները, հարստահարութիւնները, ջարդերն ու տարագրութիւնները, տնտեսական ճնշումները, քաղաքական դաւերը, մշակութային գերութիւնը, ուրիշներու կամքին ենթարկումը, ուրիշներու փառքին ու շահերուն ծառայութիւնը, սեփականէն հրաժարումը, դիմագիծի կորուստը եւ մասամբ նորին:

Հասկնալի է, որ այդ ազատութիւնը կամ մահը միայն մեզի չեն վերաբերիր, այլ բոլոր ազգերուն, բոլորին իրաւունքն է ապրիլ ազատ ու խաղաղ, ուստի նաեւ բոլորին պարտականութիւնն է պայքարիլ այդ իտէալին համար: Ահա թէ ինչո՛ւ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ բոլոր ազգերու միացեալ ճիգերով միայն կրնան արդար կարգեր յառաջանալ ամէնուրեք:

Եւ զինանշանը: Զինանշանը նոյնպէս կը խտացնէ Դաշնակցութեան էութիւնը: Զինանշանին կիզակէտը բռնցքացած ձեռքն է, որ բռնած է դրօշին ձողը: Ան խորհրդանշանն է միութեան, միասնութեան: Զինանշանին վրայ միացած են մարտիկը (դաշոյնը), մտաւորականը (փետուրը) եւ աշխատաւորը (բահը):

Միասնութեան յղացքը այսքանով չի սահմանափակուիր: Ուզուածը միասնութիւնն է հայութեան` իր ամբողջական ներուժով: Եւ Դաշնակցութեան առաքելութիւնն ալ ա՛յդ է` հետապնդել մեր հարցերու լուծումը հայութեան ամբողջ կարողականութեամբ: Հայրենիքի մէջ ըլլայ, թէ սփիւռքի: Եւ այս է նաեւ, որ թշնամին չի հանդուրժեր, այլ կը սարսափի ատկէ:

Այդ հարցերը կը վերաբերին հայրենիքի ամէնէն փոքր համայնքներէն մինչեւ պետութեան ամբողջական համալիրին, սփիւռքի ամէնէն քիչ հայաբնակ օճախներէն մինչեւ արդէն նոյնիսկ Երեւանէն աւելի մեծ թիւով հայութիւն համախմբած քաղաքներուն: Այդ հարցերը կ՛ընդգրկեն բոլոր մարզերը` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու մանաւանդ մշակութային, որոնցմէ որեւէ մէկը կարելի չէ անտեսել:

Այս բոլորին հասնելու համար մենք պարտաւոր ենք յաջողելու, քանի որ ձախողութիւնը այլընտրանք չի կրնար ըլլալ:

Ինչպէ՞ս: Ահա՛ հարցերու հարցը: Ահա՛ մարտահրաւէրը:

Քով-քովի բերելով բոլոր կողմերը: Ստեղծելով նիւթական անսպառ կռուաններ: Գործի լծելով կամաւորներու այնպիսի բանակ, ինչպէս կրցաւ ընել Սարդարապատի նախօրեակին:

Այս բոլորին մասին տակաւին կրնանք երկար խօսիլ, սակայն ամփոփ գիծերու մէջ ահա ա՛յս է Դաշնակցութեան տեսակին իմ պատկերացումը: Այսպէ՛ս ըլլալու է ան: Այլ պատկերացում կա՞յ ըլլալու:

 

 

Նախորդը

Սահմանային Արկածախնդրութիւններ` Ողբերգական Հետեւանքներով

Յաջորդը

Արքայական Առեւանգում

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.