Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժոմպլաթի Կողմէ Գործուղուած Ռամի Ռայէսը

March 11, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սլէյման մաղթեց, որ կառավարութիւնը յաջողի հակակշիռի տակ առնել Լիբանանի մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակը` տնտեսական թէ առողջապահական առումով:

Սլէյման յայտնեց, որ երկրին նիւթական պարտքը վերադասաւորելու զուգահեռ, կառավարութիւնը պէտք է նաեւ ներդրումներ ապահովէ, որպէսզի երկրին դիմագրաւած ելեւմտական տագնապը լուծուի:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան պէտք է գործադրէ ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութիւնը` ընդգծելով, որ երկրին որդեգրած քաղաքականութիւնները չեն արտօներ, որ ներդրումներ ապահովուին:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած Ռամի Ռայէսը, որ յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքին յանձնած է նամակ մը, որուն մէջ ընդգծուած են Պքերքէի եւ Մուխթարայի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական խոր ու անշեղ յարաբերութիւնները եւ մարոնի համայնքի պատրիարքին հետ երկրին դիմագրաւած ճակատագրական հարցերուն շուրջ խորհրդակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը:

Ռայէս յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ իր տեսակէտին, թէ Լիբանանի մէջ պէտք է տնտեսական մարզի եւ ելեկտրականութեան ոլորտի լայն բարեկարգումներ կատարել, որովհետեւ ներքին լիբանանեան կացութիւնը անհանդուրժելի դարձած է:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Մանսուր Պթէյշ, որ հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ երկրին դիմագրաւած նման տագնապալի օրերուն անհրաժեշտ է լսել Պքերքէի իմաստուն եւ լիբանանեան գոյացութեան յանձնառու կարծիքները:

Ան ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը այս ժամանակաշրջանին կը տառապի տնտեսական եւ ընկերային իր ապահովութեամբ:

 

 

Նախորդը

«Պատմական Անկիւնադարձային Փուլի Մը Սեմին Կը Գտնուինք» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Յաջորդը

Ֆահմի Քիճիանի Հետ Քննարկեց «Քորոնա» Ժահրին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.