«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երկու թեթեւ ճակատումներ:
Լայփցիկ կը հիւրընկալէ Թոթենհամը, իսկ Վալենսիա` Աթալանթան: Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Երթին Լայփցիկ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ Աթալանթա` 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Վաղը Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը (երթ` 1-0, ի նպաստ` Աթլեթիքոյին), իսկ Փարիզ Սեն Ժերմեն` Պորուսիա Տորթմունտը (երթ` 2-1, ի նպաստ` Տորթմունտին):
Ֆրանսայի մէջ վաղուան մրցումը պիտի կատարուի առանց համակիրներու, յայտնեց երկրին ամէնէն լայն ժողովրդականութիւն ունեցող մարզական օրաթերթը` «Լէքիփ»-ը:
Մինչեւ երէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնէր 1126-ի, մահացողներուն թիւը` 19-ի, իսկ բաւական ծանր վիճակի մէջ գտնուողներուն թիւը` 21-ի:



