Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարիւղի Ոլորտին Մէջ Ռուսիոյ Դէմ Սէուտական «Պատերազմ». Ծոցի Սակարանները Մեծ Վնասներ Կը Կրեն Քարիւղի Գիներու Անկումին Պատճառով

March 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական ծոցի սակարանները քարիւղի գիներու անկումին պատճառով մեծ վնասներ կը կրեն:

Նշեալ սակարանները կիրակի օր տարիներէ ի վեր իրենց ամէնէն ցած մակարդակը արձանագրած են, երբ ՕՓԵՔ-ն ու «ՕՓԵՔ+» դաշինքին մէջ անոր գլխաւոր գործընկեր Ռուսիան ձախողեցան համաձայնութիւն գոյացնել նոր «Քորոնա» ժահրի տարածումէն ազդուած գիները բարձրացնելու շուրջ:

«ՕՓԵՔ+»-ը ուրբաթ օր համաձայնութիւն չէր գոյացուցած չորս տարիներէ ի վեր գիներու մեծագոյն նահանջին վերջ տալու համար քարիւղի արտածման յաւելեալ կրճատում կատարելու շուրջ:

Միջազգային լրատուամիջոցները արձագանգած են քարիւղի շուկային մէջ գիներու կտրուկ անկումին եւ մտահոգութիւն յայտնած տնտեսական հաւանական հետեւանքներուն նկատմամբ:

Երէկ «ՕՓԵՔ+»-ի գործարքի ջնջման լոյսին տակ «Պրենթ» քարիւղի գինը նուազած է մէկ երրորդով` հասնելով մէկ տակառը 31,43 տոլար ցուցանիշի, որմէ ետք միջազգային դրամանշային շուկային մէջ տոլարի եւ եւրոյի փոխարժէքը կտրուկ կերպով աճած է: Համաշխարհային սակարանները բացուած են մեծ անկումներով:

Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ Սէուտական Արաբիան քարիւղի ոլորտին մէջ «պատերազմ սկսած է Ռուսիոյ դէմ»: Վերլուծականներէն մէկը ստեղծուած իրավիճակը կոչած է «քարիւղի շուկային մէջ պատերազմ յայտարարելու համարժէք»:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին կը զգուշացնէ, որ քարիւղային պատերազմը վտանգ կը ներկայացնէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու «աղբային պարտատոմսերու» շուկային համար: Խօսելով քարիւղի գիներու կտրուկ նուազման անկումին մասին` փորձագէտներէն մէկը ըսած է, որ երկուշաբթի շուկային մէջ արիւն պիտի թափուի: «Ռափիտըն Էնըրճի Կրուփ»-ի աշխատակիցներէն մէկը նախազգուշացուցած է, որ ասիկա ընդամէնը քարիւղի գիներու կտրուկ անկումին սկիզբն է միայն:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը նկատէ, որ վերջին անգամ քարիւղի գիները այսպէս կտրուկ նուազած էին 2016 թուականին: Ամերիկեան օրաթերթին համաձայն, տուեալ իրավիճակը ստեղծուած է «Սէուտի Արամքօ» ընկերութեան` քարիւղի գիները նուազեցնելու վերաբերեալ յայտարարութեան լոյսին տակ:

Աղբիւրը կը նկատէ, որ ասիկա ո՛չ միայն կը վատթարացնէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները: Օրաթերթը, վկայակոչելով ՕՓԵՔ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ իր աղբիւրները, կը գրէ, որ կ՛իրականացուի յարձակողական արշաւ մը, որուն նպատակն է քարիւղի շուկային մէջ Ռուսիոյ մասնաբաժինի խլումը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Սէուտական Արաբիան յաջորդ ամիսէն կը պատրաստուի քարիւղի արդիւնահանման ծաւալները աւելցնել օրական մինչեւ տասը միլիոն տակառ ցուցանիշի, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ` 12 միլիոն տակառի:

«Նիւ Եորք Թայմ» օրաթերթը կը նշէ, որ քարիւղի գինը նուազած է աւելի քան 20 առ հարիւրով եւ չի բացառուիր, որ Սէուտական Արաբիան ու Ռուսիան կրնան փոխզիջումի յանգիլ, սակայն եթէ գինի անկումը նոր կշռոյթներով շարունակուի, ոչինչ կրնայ կանխարգիլել քարիւղի գիներու` ամէնէն ցած ցուցանիշներուն հասնելուն:

Օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ քարիւղի գինի նման անկումը համաշխարհային տարողութեամբ վնաս պիտի հասցնէ, սակայն առաւելապէս պիտի տուժեն Վենեզուելան եւ Իրանը, որոնց քարիւղային տնտեսութիւնները կը գտնուին ամերիկեան պատժամիջոցներու ճնշումին տակ:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» իր կարգին կը գրէ, որ քարիւղային նոր պատերազմը պայմանաւորուած է «Քորոնա» ժահրին համաճարակով: Աղբիւրը կը պնդէ, որ քարիւղի արդիւնահանման ծաւալներուն վերաբերեալ գործարքը տակաւին կրնայ կնքուիլ. մարտի վերջաւորութեան խորհրդատուական մակարդակով ՕՓԵՔ-ի ժողով ծրագրուած է:

Աղբիւրը կ՛եզրակացնէ «Էքսոն» ընկերութեան նախկին փորձագէտ Ալի Հետերիի այն գրառումով, որ 20 տոլար արժէքով քարիւղը շատ իրատեսական է 2020 թուականի համար: Ան ընդգծած է, որ քարիւղի շուկայի գիներու անկումը  աշխարհաքաղաքական ահռելի հետեւանքներ պիտի ունենայ:

Նախորդը

Աֆղանիստանի Մէջ Պայթումներ, Մինչ Նախագահական Երկու Մրցակից Թեկնածուներն Ալ Նախագահի Երդման Արարողութիւն Կատարեցին

Յաջորդը

Ուհանի Մէջ 14 Ժամանակաւոր Հիւանդանոցներէն 11-ը Արդէն Փակուած Են` Հիւանդներուն Դուրս Գալուն Պատճառով

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.