Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Հասսան Տիապ երէկ շնորհաւորեց ուսուցիչները` հաստատելով, որ ուսուցիչին ջանքերը մէկ տօնով կարելի չէ գնահատել: «Ուսուցիչը գիտութեան եւ գիտելիքի պատգամը կրողն է: Կարելի չէ ուսուցիչը «Թուիթըր»-ի գրառումով մը յիշել, սակայն անիկա կրնայ խորհրդանշական արտայայտութիւն մը ըլլալ, գնահատելու համար իր դերակատարութիւնը` հայրենիքի ապագային եւ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան մէջ: «Կը խոնարհիմ առաջին ուսուցչուհիիս` մօրս յիշատակին առջեւ, ինչպէս նաեւ կը խոնարհիմ բոլոր անոնց առջեւ, որոնք ինծի տառ մը սորվեցուցած են` բոլոր ուսուցիչներուս առջեւ», շեշտեց ան:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ յայտնեց, որ ինք կ՛աշխատի մշակել սպառողներու պաշտպանութեան օրինագիծ մը, որ պիտի աւարտի երկու շաբթուան ընթացքին:

«ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ» օդանաւային ընկերութիւնը ժամանակաւորապէս ջնջեց դէպի Սէուտական Արաբիա, Քուէյթ եւ Քաթար իր թռիչքները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը հերքէ այն լուրը, թէ ինք վերջերս հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին վրայ շաբաթ երեկոյեան արձակուած կրակոցներուն, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող ելեւմտական, տնտեսական եւ ընկերային զարգացումներուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան որոշումները կը փաստեն, թէ ան լրջօրէն կ՛աշխատի: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին կամ դրամատուներուն նկատմամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հարցեր չունի` աւելցնելով, որ անոր համար կարեւորը Լիբանանի տնտեսական շահերուն ապահովումն է, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներու գումարներուն պաշտպանութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի փրկութեան ամբողջական ծրագիրի մը` աւելցնելով, որ կարելի է հրատապ հարցերուն լուծումներ տրամադրելով սկսիլ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ վարչապետ Հասսան Տիապ կրնայ Լիբանանը յառաջ տանող շատ մը քայլեր առնել, եթէ ան որոշէ իր ձեռքը սեղանին զարնել եւ Հըզպալլայի միջամտութիւնները մերժել:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց, որ Լիբանան իսկապէս ինքզինք զերծ կացուցէ  միջազգային տագնապներէն: Ան հաստատեց, որ Լիբանանը մեկուսացնելու ճիգերը աւելի եւս լրջացած են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան որոշումը համազօր է Լիբանանի պետութեան սնանկութիւնը յայտարարելուն:

ԱՆԿԱԽ նասըրականներու շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան կոչ ուղղեց փոխանցման շրջանի սեղմ կառավարութիւն մը կազմելու: Ան հաստատեց, որ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը տագնապէն դուրս գալու յարմարագոյն ելքն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ օդային եւ ծովային բոլոր ուղեւորութիւնները վերջ պիտի գտնեն, բացի երկու երկիրներուն միջեւ կատարուող ապրանքատար թռիչքներէն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ բարեկարգումի ամբողջական ծրագիրը պէտք է անյապաղ յայտարարուի, որովհետեւ անիկա է երկրին նկատմամբ վստահութիւնն ու կայունութիւնը վերահաստատող բանալին: Ան շեշտեց, որ վարչապետ Հասսան Տիապ կառավարութեան մէջ կամ անկէ դուրս գտնուող քաղաքական ուժերուն շահերը պէտք չէ նկատի ունենայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ձախող է եւ տիրող կացութիւնը կարելի չէ փրկել առանց յստակ ծրագիր մը մշակելու:

Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Հըզպալլա կը մաղթէ, որ կառավարութեան առնելիք քայլերուն արդիւնքները ամէնէն մօտիկ ապագային կը դրսեւորուին:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մայրուղիին վրայ երէկ քաղաքացի մը սպառնաց ինքզինք պայթեցնել: Բանակը անմիջապէս փոխեց երթեւեկին ուղղութիւնը` փորձելով լուծել այդ հարցը: Աւելի ուշ նոյն քաղաքացին սկսաւ իր ատրճանակով աջ ու ձախ անցորդներուն վրայ կրակել, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ բանակը ձերբակալէ ենթական եւ գրաւէ անոր ատրճանակն ու ինքնաշարժին մէջ գտնուող զէնքերը:

 

Նախորդը

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Պարգեւատրուեցաւ Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարին Ձեռամբ

Յաջորդը

Ֆահմի Տըրղամի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.