ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ, հանդիպելէ ետք ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի եւ ելեւմտական հարցերու դատախազ Ալի Իպրահիմի հետ, յայտնեց, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է գործեն այնպիսի ոճով, որուն շնորհիւ կարելի ըլլայ դատական իշխանութիւններուն հանդէպ քաղաքացիին վստահութիւնը ամրապնդել: Նաժըմ յայտնեց, որ դատախազ Օուէյտաթ Ալի Իպրահիմի որոշումը սառեցուց` դրամատուներուն կողմէ որոշ քայլերու դիմելու մասին խոստումներ ստանալէ ետք:
Նաժըմի համաձայն, դրամատուները իրենց առնելիք քայլերուն մասին պիտի յայտարարեն վաղը` երեքշաբթի, 10 մարտ 2020-ին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանօ յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը ցաւ պատճառած է մսխումի եւ աւազակութեան սատանաներուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերուն վճարումը յետաձգելու որոշումը կառավարութեան կողմէ առնուած լաւ քայլ մըն է, «որ սակայն պէտք է շարունակուի բարեկարգումներ իրագործելով»:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի երկիրը փրկելու նոր առիթի մը դիմաց, յատկապէս վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան օրով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ Հըզպալլա կ՛ողջունէ արտաքին որեւէ օժանդակութիւն, պայմանով որ ան պատրուակ չդառնայ եւ առիթ չտայ, որ ոեւէ մէկը Լիբանանի վրայ իր հոգատարութիւնը պարտադրէ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, ինչպէս նաեւ խախտեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը` Սայտայի վերեւ թռիչքներ գործելով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային յղեց նամակ մը, որուն մէջ ան արձանագրեց Լիբանանի ապագային վերաբերեալ իր մտավախութիւնները:


