Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Որոշ Շրջանակներու Կողմէ Փորձ Կը Կատարուի Բանակը Ընտրական Զարգացումներուն Մէջ Ներգրաւելու»

March 6, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններուն յորդորեց ձեռնպահ մնալ օրէնքով չնախատեսուած քայլերով բանակը քաղաքական զարգացումներուն մէջ ներգրաւելէ:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս մասին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ վերջին շրջանին, պայմանաւորուած Արցախի Հանրապետութեան մէջ սկսած նախընտրական գործընթացներով, որոշ հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու կողմէ փորձ կը կատարուի բանակը ձեւով մը ներգրաւելու տուեալ զարգացումներուն մէջ, ինչ որ անթոյլատրելի է:

«Արցախի զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը, իր խոր մտահոգութիւնը յայտնելով նշուած դրսեւորումներուն վերաբերեալ,  անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, որ բանակը ունի մէկ գլխաւոր առաքելութիւն, այն է` ապահովել հայրենիքի սահմաններու անվտանգութիւնն ու ժողովուրդին խաղաղ կենսագործունէութիւնը եւ անով իսկ բարենպաստ պայմաններ ստեղծել մեր պետականութեան հզօրացման եւ ամրապնդման համար:

«Կը վստահեցնենք, որ զինուած ուժերը, հանդիսանալով մեր ժողովուրդի համահաւաքութիւնն ու միասնականութիւնը խորհրդանշող բացարձակ արժէք, երբեք չեն ունեցած եւ չունին որեւէ քաղաքական երանգ կամ կողմնորոշում: Բանակը, ինչպէս միշտ, եղած է ու կը մնայ մեր ազգային իղձերու եւ նպատակներու իրագործման առաջնագիծին վրայ եւ կ՛առաջնորդուի միայն ու միայն  հայրենիքը արտաքին թշնամիէն  պաշտպանելու սրբազան առաքելութեամբ», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը` բարձր գնահատելով հանրապետութեան ներքաղաքական կեանքին մէջ տեղ գտնող համապետական կարեւորութեան նախաձեռնութիւնները, որոնց կարգին նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դերն ու նշանակութիւնը, այս յայտարարութեամբ կոչ ուղղեց Արցախի մէջ գործող բոլոր հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններուն եւ յորդորեց ձեռնպահ մնալ օրէնքով չնախատեսուած քայլերով բանակը քաղաքական զարգացումներու մէջ ներգրաւելէ:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Համաձայնութիւն Յայտնեց Դրամատնային Գաղտնիութիւնը Չեղեալ Նկատելու Օրինագիծին, Իսկ Վաղը Դարձեալ Պիտի Գումարէ Նիստ Մը` Վերջնական Որոշում Տալու «Եուրոպոնտ»-ի Թղթածրարին Գծով

Յաջորդը

Արթուր Մոսիեան. «Դաշնակցութիւնը Երբեք Աւելորդ Խոստումներ Չի Տար»

RelatedPosts

Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին  Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին

September 18, 2026
Հայ Հոգեւոր Առաջնորդները Սպիտակ Տան Մէջ  Հանդիպում Ունեցան Թրամփի Հետ
Հայկական

Հայ Հոգեւոր Առաջնորդները Սպիտակ Տան Մէջ Հանդիպում Ունեցան Թրամփի Հետ

September 18, 2026
Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.