Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լահուտ. «Ներքին Թրքական Առումով Էրտողան Իր Օրինականութիւնը Կորսնցուցած Է»

March 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ ինքն իրեն խոստացած էր Հալէպի Օմայեատներու մզկիթին մէջ աղօթել, Անգարայի մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի նիստերուն իր մասնակցութեան կարողութիւնը կորսնցուց:

«Ներքին թրքական առումով Էրտողան իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է` Թուրքիան իրերայաջորդ տագնապներու միջամուխ դարձնելու պատճառով: Տագնապներ, որոնք Թուրքիոյ մէջ պատճառեցին մարդկային եւ նիւթական, ինչպէս նաեւ տնտեսական հսկայ վնասներ: Բոլորին համար յստակ է արդէն Էրտողանի վարած կեղտոտ դերակատարութիւնը` թրքական եւ եւրոպական մակարդակներով: Այս դերակատարութեան փաստը այն է, որ ան թրքական ուժերը կրակը նետած է` իրականացնելու համար օսմանեան իր ծաւալապաշտական երազները, որոնք ներկայ ժամանակաշրջանին հետ համահունչ չեն», ըսաւ ան:

Լահուտ ընդգծեց, որ օրերն ու պատմութիւնը փաստած են, թէ յաղթանակ ու պարտութիւն  արձանագրողը տեղեկատուական ելոյթներ ունեցողը կամ բարձրաձայն ճառեր արտասանողը չէ: «Զինուորական ընդհարումի դաշտը փաստեց, որ սուրիական բանակը` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրամանատարութեամբ, սուրիացի ժողովուրդին զօրակցութեամբ, ինչպէս նաեւ դաշնակից ուժերուն` Դիմադրութեան ու ռուսական բանակին օժանդակութեամբ յաղթական դուրս կու գայ: Անոնք փաստեցին, որ գետնի վրայ տիրող տարազը պարզ է ու յստակ, եւ անիկա կը հաստատէ, որ Էրտողան, որ բռնագրաւած է Սուրիան եւ կը պաշտպանէ ահաբեկչական խմբաւորումները, սուրիական հողը պիտի վերադարձնէ իր իրաւատէրերուն, եւ սուրիական գերիշխանութիւնը պիտի մնայ պաշտպանուած», շեշտեց Լահուտ:

Ան աւելցուց, որ Էրտողան հեւալով պիտի ուղղուի Ռուսիա, ուր նախագահ Վլատիմիր Փութինէն պիտի խնդրէ տագնապի լուծման ելք մը: «Մինչդեռ ան կրնար խնայել Մոսկուա իր ճամբորդութիւնը եւ հեռանալ Սուրիայէն, որովհետեւ անիկա միակ ելքն է: Սակայն այս կեղծ սուլթանը միշտ ձախող փորձերու մէջ կը գտնուի», յայտնեց Լահուտ:

 

Նախորդը

Սելիմ Սֆէյր. «Դրամատուները Յանձնառու Են Իրենց Յաճախորդներուն Գումարներուն»

Յաջորդը

«Ներկայացուցած Եմ Լիբանանին Շուրջօրեայ Դրութեամբ Ելեկտրականութիւն Ապահովելու Ծրագիր Մը, Որ Տակաւին Կը Ննջէ Նուազուրդի Բաժանմունքի Դարակներուն Մէջ» Շեշտեց Ա. Մաթոսեան

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.