Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Համախմբման Աշխատանքներու Վերամեկնարկը

March 3, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որ կայացաւ 29 փետրուարէն 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ, յստակացուց լրագրողներու համահայկական յառաջիկայ աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնները: Քննարկուեցան թէ՛ տարածաշրջանային, եւ թէ համընդհանուր մակարդակներով մասնագիտական բովանդակութեամբ խորհրդաժողովներ, աշխատանոցներ եւ համաժողովներ կազմակերպելու կարելիութիւնները:

Համակարգող խորհուրդի քննարկումներու օրակարգին մէջ ներառուած էին Անթիլիասի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական համաժողովին արդիւնքները, համաժողովին ընթացքին հնչած առաջարկները, ինչպէս նաեւ համահայկական լրատուական գործակցութեան զարգացման վերաբերող գործնական մեթոտները:

Արձանագրուեցաւ, որ երկու օրուան ընթացքին համակարգող խորհուրդը ձեւակերպած է լրատուական ժամանակակից միտումներու համահունչ օրակարգ, որուն նպատակը հայկական լրատուամիջոցներու համար զարգացման եւ գործակցութեան շարունակականութեան ապահովումն է.  այդ օրակարգը հիմնուած է մամուլի միաւորման ձգտող առանցքներու վրայ:

Նիստի նախօրեակին եւ աւարտին Խորհուրդը հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Հանդիպման ընթացքին Խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին վեհափառ հայրապետին իր ցուցաբերած հոգածութեան եւ նախանձախնդրութեան, ինչպէս նաեւ Հայ մամուլի տարուան առիթով մշակուած բոլոր ծրագիրներուն համար: Վեհափառը խորհուրդ տուաւ ոլորտի աշխատանքները կազմակերպել մեկնելով համահայկական օրակարգի ձեւաւորման անհրաժեշտութենէն եւ մամուլին ունենալիք դերակատարութենէն:

Համակարգող խորհուրդը որոշեց իր յառաջիկայ լիագումար նիստը գումարել Երեւանի մէջ, մայիս ամսուան ընթացքին:

Հանդիպում` Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին Հետ

Համակարգող խորհուրդի անդամները հանդիպում ունեցան նաեւ դեսպան Աթաբէկեանին հետ, որ խօսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան միջպետական զարգացող յարաբերութիւններուն, շրջանային եւ լիբանանեան նորագոյն իրադարձութիւններուն մասին: Ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը համահայկական մամուլ-Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն աշխատակարգի ճշդման` արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններուն եւ անոնց կիրառման գործընթացներուն մասին իրազեկ դառնալու նպատակով:

 

Նախորդը

1930 – 2020. 90 Տարեկան Ճեմարանը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Շրջանային Խմբապետութեան Այցելութիւնը` Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.