Երէկ կանուխ առաւօտեան, Զահլէի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ դէմ ականահարման ոճրային արարքին առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Զաքքա Իուաս պատրիարքին հետ` խստիւ դատապարտելով ասորի եկեղեցւոյ դէմ ոճրային արարքը եւ նշելով, որ քրիստոնեայ- իսլամ գոյակցութիւնը դարերու վրայ տարածուած իրողութիւն է եւ նման ոճրային արարքներ չեն կրնար խանգարել այդ գոյակցութիւնը, որ Միջին Արեւելքի ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն է: Վեհափառը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց ասորի ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ:


