Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Մէջ Կանանց, Խաղաղութեան Եւ Ապահովութեան Առաջին Դեսպան Ժագլին Օնիլ Եւ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրի Ներկայացուցիչ Սելին Մոյրուտ Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

February 28, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի մէջ կանանց, խաղաղութեան եւ ապահովութեան առաջին դեսպան Ժագլին Օնիլ եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի (Եու.Էն.Տի.Փի.) մնայուն ներկայացուցիչ Սելին Մոյրուտ երէկ, հինգշաբթի, 27 փետրուար 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան:

Անոնք տեսակցեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպանատան քաղաքական առաջին քարտուղար Ֆէնի Համի, ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի կարգ մը անդամներու: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին քաղաքապետութեան ոստիկանութեան աշխատելաոճի զարգացման ծրագիրի կիրարկման քայլերը:

Այս առիթով քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան անգլերէն լեզուով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի կազմուածքին եւ քաղաքապետութեան ճիգերուն` շրջանի բարեզարդման ու բարօրութեան ի խնդիր:

Ան ըսաւ. «Յարգելի՛ Ժագլին Օնիլ, նկատի ունենալով ձեր առաքելութիւնը, որպէս դեսպան կանանց, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերու,

Նաեւ նկատի ունենալով Պուրճ Համուտի հիմնական յատկանիշներն ու այս հարցերուն առնչութեամբ մեր հիմնական սկզբունքները, կ՛ուզեմ ձեզի ներկայացնել հետեւեալները.

Առաջին հերթին` ակնարկ մը քաղաքին ու անոր կազմաւորումին մասին: Պուրճ Համուտի տարածութիւնը 2,2 քառակուսի քիլոմեթր է, խիտ բնակչութեամբ, որ կը հասնի 175.000 անձի:

Պուրճ Համուտ քաղաքը հիմնուեցաւ շուրջ դար մը առաջ, ճահիճներու վրայ, հայ գաղթականներու ձեռամբ: Մեր մեծ հայրերը անխոնջ աշխատանքով ու վճռակամութեամբ շուտով զայն վերածեցին Լիբանանի մէջ թեթեւ ճարտարարուեստի, արհեստներու եւ առեւտուրի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն:

Բայց Պուրճ Համուտի կարեւորագոյն իւրայատկութիւնը անոր բնակչութեան բաղադրութիւնն է: Արդարեւ, երբ Պուրճ Համուտը կը կոչեմ փոքր Լիբանան, ապա պատճառն այն է, որ հոն ներկայ են Լիբանանի բնակչութեան բոլոր կրօնական, համայնքային եւ ազգային խմբաւորումները:

Իսկ այսօր իրողութիւնները ցոյց կու տան, որ ան ոչ միայն փոքր Լիբանան է վերոնշեալ իմաստով, այլ անոնց վրայ աւելցած են Լիբանանի մէջ ներկայ օտարերկրացիներու հպատակութիւններուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս` սուրիացիներ, իրաքցիներ, պաղեստինցիներ, քիւրտեր, եգիպտացիներ, սուտանցիներ, եթովպիացիներ… եւ ոչ միայն միջինարեւելեան ու ափրիկեան երկիրներէ, այլ նաեւ Ծայրագոյն Արեւելքէն եկողներ, ինչպէս` պենկլատէշցիք, հնդիկներ, փաքիստանցիներ, ֆիլիփինցիներ եւ այլն:

Խաղաղութեան հարցերու յարգարժա՛ն դեսպան, խնդրեմ նկատի առնէք, թէ մենք շատ հպարտ ենք այս խճանկարով եւ այն իրողութեամբ, թէ բոլոր այս խմբաւորումներն ու մշակոյթները խաղաղօրէն կ՛ապրին ու կը գործակցին այս փոքր աշխարհագրական տարածքին մէջ:

Անոնք բոլորը կը սիրեն ու կը յարգեն Պուրճ Համուտը, որովհետեւ գիտեն, թէ մեր անցեալին ու ժառանգութեան պատճառով մենք խտրութիւն չենք ըներ Աստուծոյ զաւակներուն միջեւ:

Կանանց հարցերու դեսպանի ձեր հանգամանքին բերմամբ ձեր ուշադրութեան պէտք է յանձնեմ, որ մեր քաղաքապետական կազմի աշխատակազմին գրեթէ կէսը կը պատկանի իգական սեռին, եւ անոնցմէ ոմանք կը գլխաւորեն քաղաքապետարանի վարչութիւններու կէսը:

Աւելի՛ն. սեռերու հաւասարութեան առնչութեամբ մեր համոզումներէն եւ յանձնառութենէն մեկնած` մենք նախաձեռնած ենք մեր ոստիկանութեան շարքերուն մէջ առնելու երիտասարդուհիներ, եւ ասիկա անկիւնադարձ հանդիսացաւ Լիբանանի քաղաքապետարանական մշակոյթին մէջ: Առաջինն էին առնելու այդ շատ կարեւոր քայլը, եւ ուրախ ու հպարտ ենք, որ շատ ուրիշներ հետեւեցան մեր օրինակին:

Հոս մեր խորին երախտագիտութիւնը կ՛արտայայտենք քանատացի ժողովուրդին, կառավարութեան ու դեսպանատան, որոնք ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի մեր գործընկերներու կողքին գլխաւոր նեցուկը հանդիսացան մեր այս նախաձեռնութեան:

Արդարեւ, Քանատայի օժանդակութեան շնորհիւ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին հետ աշխատեցաւ քաղաքապետական ոստիկանութեան վերակազմաւորումին վրայ, որպէսզի աւելի լաւ ծառայէ ու պաշտպանէ շրջանի բնակչութիւնը. այսպէս մենք օժանդակութիւն ստացանք ոստիկաններու մարզումին մէջ. մանաւանդ լարուածութեան մեղմացման եւ հաշտարար միջամտութեան, ինչպէս նաեւ միօրինակ գործելաոճի հաստատումին մէջ. ստացանք որոշ սարքեր, ինչպէս նաեւ պատրաստ տնակներ, որպէսզի քաղաքացիներուն մօտ ոստիկանական կէտեր ըլլան. նաեւ կազմուեցաւ խորհրդատու մարմին` հետեւելու ոստիկանութեան բարեփոխման ծրագիրներուն:

Ձերդ վսեմութեան անկասկած իրազեկ է, թէ ինչպէս ընդունած ենք սուրիացի գաղթականները եւ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ անոնց մատուցած ենք քաղաքապետարանի ծառայութիւնները:

Ասիկա մեր մարդկային պարտականութիւնն է:

Բայց նաեւ գիտէք, թէ ինչքան դժուար էր քաղաքապետական ծառայութիւններու հետեւողական մատուցումը, երբ բնակչութիւնը 35-էն 40 տոկոսի անակնկալ աճ արձանագրեց:

Այսօր, քաղաքական հարցերու կողքին, Լիբանանի դիմագրաւած դրամական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապներու լոյսին տակ, աւելի մեծ պահանջներ եւ ակնկալութիւններ կան քաղաքապետարաններէն, որոնք նոյն ատեն դիմագրաւած են իրենց միջոցներու սուր նուազում:

Շնորհակալ ենք ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի եւ քանատացի մեր բարեկամներուն, եւ այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի մեծ պահանջներ եւ կարիքներ կան պահպանելու համար մեր իրագործածը, տակաւին առանց հաշուի առնելու այդ իրագործումներուն վրայ կառուցելու եւ զանոնք զարգացնելու կարեւորութիւնը:

Խօսքս կ՛եզրափակեմ քաղաքապետական խորհուրդին անունով արտայայտելով Պուրճ Համուտի ու անոր բնակչութեան երախտագիտութիւնը եւ յոյս յայտնելով, որ այս գործակցութիւնը պիտի շարունակուի, ընդարձակուի եւ վերածուի երկարատեւ յարաբերութեան:

Իր կարգին դեսպան Ժագլին Օնիլ անդրադարձաւ քանատական կառավարութեան ներդրումին` Պուրճ Համուտի եւ առհասարակ Լիբանանի քաղաքապետութեանց եւ ներքին գործոց նախարարութեան հովանաւորած քաղաքապետական ոստիկանութեան գործելաձեւի զարգացման ռազմավարութեան ճիգերուն: «Երկու սեռերու միջեւ հաւասարութիւնը մեծապէս դերակատար է աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մնայուն լուծման ճիգերուն մէջ», ընդգծեց Օնիլ` նշելով, որ քաղաքապետական ոստիկանութիւնը պէտք է ներկայացնէ ընկերութեան բոլոր խաւերը: 2017-էն ի վեր քանատական կառավարութիւնը աւելի քան չորս միլիոն տոլարով նպաստած է Լիբանանի քաղաքապետական ոստիկանութեան զարգացման յանգելու համար ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի տեսլականներէն արդարութեան, եւ այս` ընկերութեան ապահովութեան ծրագիրի կիրարկման ճամբով:

Նմանապէս ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Սելին Մոյրուտ դրուատեց քաղաքապետական ոստիկանութեան դերն ու կարեւորութիւնը: «Քաղաքապետական ոստիկանութեան տարրերը իրենց առաքելութեան թիրախը կը դարձնեն մարդոց ծառայութիւնը», հաստատեց Մոյրուտ` նշելով, որ Պուրճ Համուտի եւ այլ առաջատար քաղաքապետութեանց ոստիկանական ռազմավարական յաջող փորձառութիւնը հետագային պիտի որդեգրուի եւ կիրարկուի նաեւ Լիբանանի աւելի քան հազար քաղաքապետութեանց գործունէութեան ծիրին մէջ:

Այս առիթով քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան Մայրիի յատուկ յուշանուէր յանձնեց դեսպան Ժագլին Օնիլի` իբրեւ երախտագիտութիւն անոր ցուցաբերած մնայուն նեցուկին համար:

Ապա ներկաները ուղղուեցան Պուրճ Համուտի ոստիկանապետ Ժըրիէս Ժրատէի գրասենեակը, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Պուրճ Համուտի ոստիկանութեան զարգացման նպատակով կիրարկուած քայլերը:

Աւարտին բոլորը շրջեցան Պուրճ Համուտի, յատկապէս` քաղաքապետութեան մերձակայ թաղամասերուն մէջ, մօտէն ծանօթանալով շրջանի բնակչութեան թէ վաճառատուներու պարզած իրավիճակին:

 

Նախորդը

Հայ Քնարերգութեան Արուեստին Նուիրուած Երեկոյ Համազգայինի Յարկին Տակ

Յաջորդը

Շնորհակալական Այցելութիւն` Սուրիոյ Դեսպանատուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.