Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Հանդիպումներուն Արդիւնքները Պիտի Ըլլան Դրական` Հակառակ Տիրող Վատ Պայմաններուն» Շեշտեց Ֆըրզլի

February 26, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու երեսփոխանական յանձնախումբերուն աշխատանքները:

Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի հաստատեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երկրին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ ընթացող օրէնսդրական աշխատանքները:

Ֆըրզլի նշեց, թէ այսօր խորհրդարանի յանձնախումբերուն միացեալ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի դեղորայք պատրաստելու նպատակով կանեփի ցանքը օրինականացնելու յատուկ օրինագիծ մը` նկատի ունենալով երկրին համար անոր ապահովելիք տնտեսական եւ ելեւմտական շահերը:

Անդրադառնալով միջազգային դրամական ֆոնտին հետ հանդիպումներուն արդիւնքներուն` Ֆըրզլի շեշտեց, որ ինք լաւատես է, եւ այդ արդիւնքները դրական պիտի ըլլան` հակառակ տիրող վատ պայմաններուն:

Միւս կողմէ, Պըրրի քննարկեց փուռերու սեփականատէրերու սենտիքայի պահանջները` սենտիքայի համադաշնակցութեան նախագահ Քազեմ Իպրահիմի եւ համադաշնակցութեան անդամներուն հետ:

ՆՇԵՆՔ, որ աւելի ուշ Իպրահիմ հանդիպում ունեցաւ նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուուլ Նաամէի հետ, անոնք համաձայնեցան հացի վաճառման սակ ճշդելու յատուկ գործիքակազմ մը մշակել:

Նաամէ յայտնեց, որ իրենց առաջնահերթութիւնը սպառողի իրաւունքի պահպանումն է` աւելցնելով, որ պիտի չխնայեն ճշդուած սակը խախտողներուն: Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, որ սակի խախտումին եւ անբնական սղաճին պարագային կապուին 1732 թէժ գիծին:

Նախորդը

Հըթթի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբին Ներկայացուց Իր Նախարարութեան Պատկերացումը

Յաջորդը

Վարչապետը Նաւթի Ներածման Յատուկ Հաշիւներ Ունենալու Ձեւերը Քննարկեց Ղաժարի Եւ Սալամէի Հետ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.