Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Լրատուական Դաշտը Համալրուած Է Տպագիր Նոր Պարբերականով Մը

February 25, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի մէջ փետրուար 17-ին լոյս տեսած է «Արցախի խորհրդային սպաների միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան «Պատիւ Ունեմ»-«Չեսթ Իմէյու» երկլեզու թերթի անդրանիկ թիւը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրէս»-ը:

Պարբերականը տպագրուած է Ստեփանակերտի «Դիզակ պլիւս» հրատարակչութեան տպարանին մէջ` իբրեւ սկիզբ առայժմ 1 մամուլ ծաւալով եւ 250 օրինակ տպաքանակով: Նոյն օրը տպարանին մէջ տեղի ունեցած է նոր լուսընծայ պարբերականին գինեձօնը` հիմնադիրներուն մասնակցութեամբ:

Թերթի խմբագիր Միքայէլ Հաճեանի համաձայն, պարբերականը կոչուած է ընթերցողներու ուշադրութեան ներկայացնելու խորհրդային ու յետխորհրդային շրջաններուն հայրենիքի պաշտպանութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցած հայ սպաներու եւ զօրավարներու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ կարեւոր աւանդ ներդրած այլազգ ռազմական գործիչներու անցած մարտական ուղին:

Անոր խօսքով, նկատի առնելով, որ երկարամեայ արժանապատիւ ծառայութիւն անցած հայ սպաներէն շատերը ներկայիս վաստակած հանգիստի մէջ են, թերթը պիտի անդրադառնայ նաեւ անոնց առօրեային մէջ առկայ կենցաղային հոգերուն ու խնդիրներուն` հրաւիրելով իշխանութեան եւ հասարակութեան աջակից ուշադրութիւնը:

Մ. Հաճեան ըսած է, որ կենսաթոշակի անցած զինուորականները պատրաստակամ են իրենց հարուստ գիտելիքներն ու փորձը անմնացորդ մատուցելու իրենց փոխարինելու եկած նոր սերունդներուն, ինչպէս նաեւ` էական նպաստ բերելու աճող սերունդի ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան առկայ գործընթացին: Ուստի թերթը իր թիւերուն մէջ պարբերաբար պիտի լուսաբանէ հին ու նոր սերունդներու այդ կապերն ու համագործակցութիւնը` ի շահ մեր հայրենիքի ներկայ եւ հետագայ ապահովութեան ու անվտանգութեան: Բացի այդ` պարբերականը իր հրապարակումներուն մէջ պիտի անդրադառնայ նաեւ աշխարհի այլ երկիրներու զինուած ուժերուն մէջ ծառայող եւ բարի համբաւ վայելող հայ ռազմական գործիչներու կեանքին ու գործունէութեան:

Խմբագիրին հաղորդումով, անիկա պիտի առաքուի նաեւ ՌԴ հայկական համայնքներ` հանգամանքներու բերումով մայրենի լեզուին ոչ միշտ հաղորդ մեր հայրենակիցներուն եւ, առհասարակ, ռուսալեզու ընթերցողներուն համար` ծառայելով իբրեւ եւս մէկ օղակ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան դարաւոր շղթային:

Նախորդը

«Ներառական Կրթութեան Ծրագիր»-ի Համար Գործակցութիւն` Հայկազեան Համալսարանի, Լիբանանի Կրթութեան Եւ Բարձրագոյն Ուսման Նախարարութեան Եւ ՄԱԿ-ի Մանուկներու Արտակարգ Իրավիճակի Հիմնադրամին Միջեւ (UNICEF)

Յաջորդը

Հայ Դատը Արցախի Ականազերծման Աջակցելու Եւ Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Ռազմական Հաւասար Նպաստ Տալու Կոչ Կ՛ընէ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.