Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ներառական Կրթութեան Ծրագիր»-ի Համար Գործակցութիւն` Հայկազեան Համալսարանի, Լիբանանի Կրթութեան Եւ Բարձրագոյն Ուսման Նախարարութեան Եւ ՄԱԿ-ի Մանուկներու Արտակարգ Իրավիճակի Հիմնադրամին Միջեւ (UNICEF)

February 25, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանը նշանակուած է իբրեւ խորհրդատու կառոյց` «Ներառական կրթութեան փորձառական ծրագիր»-ին, որ սկիզբ առած է Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան կողմէ, գործակցութեամբ նոյն նախարարութեան կրթական հետազօտութեան եւ զարգացման բաժանմունքին եւ նեցուկը կը վայելէ ՄԱԿ-ի Մանուկներու արտակարգ իրավիճակի հիմնադրամին (UNICEF) եւ Քանատայի կառավարութեան:

«Ներառական կրթութեան ծրագիր»-ին նպատակն է զարգացնել եւ յառաջ մղել ներառական կրթութիւնը Լիբանանի պետական դպրոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ աւելցնել յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու ներառումը կրթական կեանքին մէջ: Ծրագիրը արդէն կը փորձարկուի Լիբանանի բոլոր շրջաններէն 30 պետական վարժարաններու մէջ:

Ծրագիրի իբրեւ հիմնական խորհրդատու` Հայկազեան համալսարանը համապատասխան գիտական եւ վերլուծական փաստաթուղթերով, ուղղութիւններ տալով պիտի վերահսկէ անոր կատարեալ գործադրութեան:

Ծրագիրին պաշտօնական մեկնարկը տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանին մէջ` ներկայութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան պատուիրակութեան, որ կը գլխաւորէր Հիլտա Խուրին, ՄԱԿ-ի Մանուկներու արտակարգ իրավիճակի հիմնադրամի կրթութեան բաժանմունքի նախագահ Փիթըր Քուամոյի եւ կրթական մարզի մասնագէտ Մերի Պօղոսեանի, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի: Ներկայ էին նաեւ համալսարանի անձնակազմէն պատասխանատուներ:

Հանդիպումին սկիզբը Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժինի պատասխանատու, դոկտ. Հանին Հութ ներկայացուց ծրագիրին մանրամասնութիւնները` ընդգծելով անոր կարեւորութիւնն ու գործադրութեան ձեւերը:

Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շեշտելով «Ներառական կրթութեան ծրագիր»-ին կարեւորութիւնը, մատնանշեց կարգ մը դժուարութիւններ եւ հնարաւորութիւններ, որոնք կրնան ի յայտ գալ ծրագիրին գործադրութեան ընթացքին եւ ապագային, յատկապէս` ծրագիրին լրջութեան գծով, ինպէս նաեւ` յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու ներառման հարցով բարձրագոյն ուսման եւ գործի ասպարէզներուն մէջ:

Իր խօսքին մէջ ՄԱԿ-ի Մանուկներու արտակարգ իրավիճակի հիմնադրամի կրթութեան բաժանմունքի նախագահ Փիթըր Քուամօ անդրադարձաւ դպրոցներուն մէջ ներառական կրթութեան որդեգրման կարեւորութեան` շեշտելով, որ անոր ընկալումը շրջապատին կողմէ անհրաժեշտ է յաջողութեան համար: Քուամօ ընդգծեց նաեւ Հայկազեան համալսարանի դերը ծրագիրի իրագործման եւ հասանելի դարձնելու գործին մէջ:

Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան պատուիրակութեան նախագահ Հիլտա Խուրին ներկայացուց նախարարութեան պատկերացումը` «Ներառական կրթութեան ծրագիր»-ի գործադրութեան գործին` շեշտելով յատկապէս Հայկազեան համալսարանի դերակատարութեան վրայ` ծրագիրի գործադրութեան ընթացքին հիմնական գիտական եւ վերլուծական փաստաթուղթերը տրամադրելով, ինչպէս նաեւ` հարկ եղած պարագային ուղղութիւններ տալով անոր:

Հանդիպման աւարտին ներկաները օգտաշատ զրոյց մը ունեցան ծրագիրի եւ ընդհանրապէս ներառական կրթութեան մարզի դժուարութիւններու եւ անոնց լուծման մասին:

 

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Միացեալ Պաշտամունք Վարդանանց Տօնին Առիթով

Յաջորդը

Արցախի Լրատուական Դաշտը Համալրուած Է Տպագիր Նոր Պարբերականով Մը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.