Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ՑՈՅՑԵՐ Կ՛ՈՂՈՂԵՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐԸ

March 28, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Ասատին զօրակցող ցուցարարներ (Լուսանկարը` ՎԻՔԻ ԹՈՓՈՒՇԵԱՆի)

Համրայի Մաքտիսի փողոցին մէջ գտնուող սուրիական դեսպանատան առջեւ երէկ տեղի ունեցան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին զօրակցող ցոյցեր:

Շուրջ երկու հազար սուրիացի աշխատաւորներ Պէյրութի մէջ բացագանչեցին Սուրիոյ նախագահին զօրակցող կարգախօսներ, ինչպէս նաեւ բարձրացուցին Սուրիոյ դրօշներն ու նախագահ Ասատի լուսանկարը կրող որմազդներ:

Նախագահ Ասատին զօրակցող այլ ցոյց մը կատարուեցաւ նաեւ Պէյրութի մէջ` սկսելով Այն Մրեյսէէն հասնելով մինչեւ Ռաուշէ:

Ցոյցերուն ընթացքին խստիւ դատապարտուեցան այն լրատուամիջոցները, որոնք սուրիական իշխանութեանց դէմ կ՛արտայայտուին:

Հակառակ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն, Թարիք Ժտիտէ շրջանին մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամներ յարձակեցան 20 սուրիացի ցուցարարներու վրայ եւ խոշտանգեցին զանոնք` նպատակ ունենալով արգիլել նախագահ Ասատին զօրակցող ցոյցը:

Անպաշտօն տեղեկութիւններ յայտնեցին նաեւ, որ Թարիք Ժտիտէի մէջ առեւանգուեցան երկու սուրիացիներ, սակայն անոնք անմիջապէս ազատ արձակուեցան` երրորդ կողմի մը միջամտութենէն ետք:

Նախագահ Ասատին զօրակցող ցոյցերուն ծիրին մէջ երէկ Քարանթինայի եւ Նապաայի մէջ տեղի ունեցան նաեւ զօրակցական այլ ցոյցեր:

Ըստ ապահովական աղբիւրներու, այդ ցոյցերէն մէկուն ընթացքին Ազատ շիիներու կուսակցութեան պատասխանատու կրօնաւորներ պահանջած էին ցուցարարներէն փոխել ցոյցին բնոյթը եւ զայն վերածել նախագահ Ասատի դէմ բողոքի ցոյցերու, սակայն ցուցարարները մերժած էին, ինչ որ պատճառ դարձած էր, որ ցուցարարներուն քովէն անցնող անծանօթներ կրակ բանան անոնց վրայ, պատճառելով վիրաւորներ:

Նախորդը

ՉՈՐՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻ ՏԱՊԱԼՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂՈՂ ՑՈՅՑԵՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ԺԻՊԷՅԼԻ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ ԹԻՐԱԽ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ԶԱՀԼԷԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.