ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Լաւ գործ մը կատարած էք, եւ ոեւէ անձ ձեզ չէ շնորհաւորած. դուք ձեզմով գոհացէք, կը բաւէ, որ դուք հոգեկան ուրախութիւն կը զգաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Բազմաթիւ հետաքրքրութիւններ ունիք: Պարտականութիւններ կան կատարելիք, պիտի զբաղիք անոնցմով. թէեւ պիտի յոգնիք, բայց նոյն ատեն գոհ պիտի մնաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մանկավարժական հարցերով պիտի զբաղիք, ձեր գիտելիքները ուրիշներու փոխանցելու համար: Այս մարզին մէջ հմտութիւն ունիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պէտք եղած կեդրոնացումը պիտի չկարենաք գտնել` լաւ աշխատանք մը տանելու համար: Այսուհանդերձ, օրը պիտի ըլլայ գոհացուցիչ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Այսօր բնաւ պիտի չհեռանաք ձեր գրասենեակէն, աշխատունակ տրամադրութեամբ պիտի շարունակէք ձեր գործերը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Գիրքերը եւ ժապաւէնները շատ պիտի օգնեն ձեզի` օտար լեզու մը սորվելու: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք հետաքրքրական գործունէութիւն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Եթէ ծրագրի մը ձեռնարկէք, պէտք է ըլլաք շատ օրինաւոր, որպէսզի գործը կէս ճամբան չմնայ: Լա՛ւ սերտեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Այսօր ձեզմէ պիտի պահանջուին բազմատեսակ գործեր: Պիտի ստիպուիք զանոնք կատարել մէկ առ մէկ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Միշտ ինքնատիպ գաղափարներ ունիք` փոքրիկներու համար ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք ուրախացնելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Սիրային հանդիպում մը ձեզ պիտի հետաքրքրէ եւ դուք պիտի փորձէք նոր ծրագիր մը մշակել այդ ուղղութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ընտանեկան յարաբերութիւնները պիտի վերսկսիք մշակել, ատոնք անտեսած էիք երկար ատենէ ի վեր: Այս նոր սկիզբը պիտի ուրախացնէ ձեզ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Փոքրիկներու համար մանկավարժական ձեւեր պիտի որդեգրէք: Դուք ձեզ ամէն վայրկեան ուսուցիչ կը զգաք:
