Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւնիխի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

February 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 15 փետրուարին Միւնիխի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարճ հանդիպումը:

Հանդիպումէն ետք Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով քննարկում` Հայաստանի վարչապետի եւ Ազրպէյճանի նախագահի մասնակցութեամբ:

Քննարկումը տեւեց մօտ 45 վայրկեան, զայն վարեց «Ամերիկա-Ռուսիա» հիմնադրամի նախագահ Սելեսթա Վալանտերը: Փաշինեանը եւ Ալիեւը հանդէս եկան ելոյթներով:

Աւելի ուշ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձաւ Միւնիխի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկման ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ արտայայտուած սկզբունքներուն` զանոնք անուանելով «Միւնիխեան սկզբունքներ»:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այդ սկզբունքներն են`

«1. Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն ստացած է այնպէս, ինչպէս Ազրպէյճանը:

  1. Լեռնային Ղարաբաղը հակամարտութեան եւ բանակցային կողմ է, առանց անոր հետ բանակցելու կարելի չէ տագնապը լուծել:
  2. Չկան տարածքներ, կայ անվտանգութիւն. Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնար զիջիլ իր անվտանգութիւնը:
  3. Կարելի չէ տագնապը լուծել մէկ կամ երկու գործողութեամբ. բանակցային գործընթացին մէջ անհրաժեշտ են «միքրօ յեղափոխութիւններ», ապա «մինի յեղափոխութիւններ», ապա ճեղքում:
  4. Հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդին համար, Ղարաբաղի ժողովուրդի համար, Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար եւ Հայաստանն, ու Ղարաբաղը պատրաստ են լրջագոյն ջանքեր գործադրել նման լուծում գտնելու համար: Այսպիսի պատրաստակամութիւն պէտք է ցուցաբերէ նաեւ Ազրպէյճան:
  5. Լեռնային Ղարաբաղի հարցը չունի զինուորական լուծում: Եթէ ոեւէ մէկը ըսէ, որ հարցը զինուորական լուծում ունի, Ղարաբաղի ժողովուրդը պիտի ըսէ` ուրեմն անիկա վաղուց լուծուած է»:

Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ ետք Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը միայն մէկ անգամ պաշտօնապէս բանակցած են` անցեալ տարուան մարտին, Վիեննայի մէջ: Սակայն կարճատեւ հանդիպումներ եւ կապեր եղած են:

 

Նախորդը

Երախտիքի Երթ` Դէպի Սուրիոյ Դեսպանատուն

Յաջորդը

Խմբագրական . Սուրիոյ Խորհրդարանի Ճանաչումը. Պատմական Ենթահող Եւ Քաղաքական Պահ

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.