Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին Արձանագրուած Են Շարք Մը Խախտումներ

February 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանը անդրադարձած է Ազրպէյճանի մէջ 9 փետրուարին տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ ներկայացուցած ընտրութիւններու ժամանակ արձանագրուած բազմաթիւ խախտումներու մասին ազրպէյճանցի ընդդիմադիրներու տեղեկութիւնները:

Ընդդիմադիրները յայտնած են բազմաթիւ լցոնումներու, «կարուսելներու» եւ հսկողներու աշխատանքը խոչընդոտելու դէպքերու մասին:

«Ամէնէն տարածուած խախտումներէն եղած է այն, որ հսկիչներուն արտօնութիւն չեն տուած մուտք գործել ընտրական տեղամասեր, իսկ ճնշում բանեցուած է անոնց վրայ, որոնք արտօնութիւն կրցած են ձեռք բերել: Անոնց արգիլած են նստիլ միայն հսկիչներու համար նախատեսուած տեղերը, չկանգնել, հարցումներ չուղղել եւ նկատողութիւններ չընել», ըսած է Ժողովրդավարական նախաձեռնութիւններու հիմնարկի ղեկավար Աքիֆ Կուրպանով:

Ընդդիմութեան ղեկավար Արիֆ Հաճիլի յայտարարած է, որ ընտրութիւնները ամբողջովին կեղծուած եղած են:

«Մենք արդէն շարք մը խախտումներ նկատած ենք ընտրական տեղամասերուն մէջ, ուր հսկիչներ ունինք», ըսած է ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան ղեկավար Իսա Ղամպարը:

Ըստ նախատեսութիւններու, Ազրպէյճանի իշխող կուսակցութիւնը 125 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ պիտի ստանայ 69 աթոռ եւ կ՛ապահովէ բացարձակ մեծամասնութիւն:

ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի հսկողութեան առաքելութեան ներկայացուցիչները երէկ յայտնեցին. «Հակառակ մեծ թիւով թեկնածուներուն` օրէնսդրական սահմանափակումները կը խոչընդոտէին իրական մրցակցութեան»:

«Մենք տեսանք, որ ընտրական յանձնախումբերու աշխատանքը բաց եւ թափանցիկ էր հսկողութեան համար: Սակայն, ատիկա անաչառ ազատ ընտրութիւններ չէ ապահոված: Քուէներու հաշուարկի հոլովոյթը հիասթափութիւն յառաջացուց», յայտարարեցին անոնք:

 

 

Նախորդը

Փութին Յայտարարած Է Աշխարհի Վրայ Կացութեան Շեշտուող Անկայունութեան Մասին

Յաջորդը

Իրան Կը Մեղադրէ Միացեալ Նահանգները` Արբանեակի Ծիրի Վրայ Դնելու Փորձի Ձախողութեան Համար

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.