Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՐԳ ՄԸ ՍԽԱԼՆԵՐ ԳՈՐԾՈՒԵՑԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԱԹԱՐԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

January 6, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քաթարի վարչապետը

Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի քուէյթեան «Քունա» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու աշխատանքին մէջ կարգ մը սխալներ գործուեցան»: Ան նշեց, որ աշխատանք կը տարուի ՄԱԿ-էն կարգ մը թեքնիք օժանդակութիւններ ստանալու:

Շէյխ Համատ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք նշեց, որ «այստեղ եկանք թեքնիք օժանդակութիւններ ստանալու եւ ՄԱԿ-ի վայելած փորձառութենէն օգտուելու, որովհետեւ ասիկա առաջին անգամն է, որ Արաբական լիկան դէտեր կ՛ուղարկէ, եւ կարգ մը սխալներ գոյութիւն ունին»: Ան մերժեց իր նշած սխալներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն փոխանցել:

Քաթարի վարչապետը ընդգծեց, որ «մենք Սուրիա գացինք ոչ թէ սպանութիւնը դադրեցնելու, այլ` դէպքերուն հետեւելու»: Ան նշեց, որ Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի նախարարական յանձնախումբը յառաջիկայ կիրակի օրուան իր նիստին ընթացքին դէտերուն առաքելութեան շուրջ իր գնահատականը պիտի տայ եւ պիտի ճշդէ զայն շարունակե՞լ, թէ՞ ոչ:

Շէյխ Համատ պատասխանելով սուրիական թղթածրարը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ ուղարկելու վերաբերեալ իր կեցուածքին մասին հարցումի մը յայտնեց, որ «միշտ կը ջանանք այդ տագնապին լուծումը գտնել Արաբական լիկային մէջ, սակայն այդ մէկը կախեալ է սուրիական կառավարութենէն եւ տագնապին լուծում մը գտնելու համար մեզի նկատմամբ անոր (կեցուածքներուն) յստակութենէն»:

Սուրիոյ մէջ Արաբական լիկայի դէտերու գործողութեանց գրասենեակի ղեկավար Ատնան Խուտէյր քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ ներկայիս դէտերուն առաքելութեան շուրջ գնահատական տալը դժուար է, որովհետեւ անոնք տակաւին իրենց աշխատանքին սկիզբն են:

Ան յոյս յայտնեց, որ զինադադարը ամբողջական կերպով հաստատուի եւ զինուորական բոլոր մեքենաները քաղաքներէն հեռացուին, սակայն նաեւ նշեց, որ դէտերուն Սուրիայէն յղած զեկուցումները ցոյց կու տան, որ կացութեան «նկատառելի բարելաւում գոյութիւն ունի»:

Գահիրէի մէջ արաբական բարձրաստիճան աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ այլեւս Սուրիոյ ներկայ տագնապէն դուրս գալու միայն երկու միջոց գոյութիւն ունի, «կա՛մ արաբական այս երկիրը փրկելու համար սուրիական բանակի հատուած մը անմիջական վիրաբուժութիւն մը կը կատարէ, կա՛մ այլընտրանքը քաղաքացիական բուռն պատերազմն է»:

Նշեալ աղբիւրները մտավախութիւն յայտնեցին Սուրիոյ սպառնացող քաոսին նկատմամբ` նշելով, որ ընդդիմադիր ուժերուն մէջ ներկայ վարչակարգին այլընտրանք մը գոյութիւն չունի, որովհետեւ ընդդիմադիրները պառակտուած են եւ տարբեր պատկանելիութիւններ ունին ու տարբեր կողմերու յարած են»: Աղբիւրները կը պնդեն, որ լաւագոյն ընտրանքը սուրիական բանակի մէկ հատուածին կողմէ ձեռնարկելն է վիրաբուժական գործողութեան մը, որ դժուար ու դառն կը թուի ըլլալ: Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին կը նշէ, որ սուրիական ընդդիմութեան պառակտուածութիւնը երկիրը կառավարելու անոր կարողութիւնը հարցականի տակ կ՛առնէ:

Նշենք, որ սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիա երէկ ազատ արձակած է վերջին դէպքերուն ընթացքին ձերբակալուած 552 անձեր, «որոնց ձեռքերը արիւնով չեն ներկուած»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թեհրանի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկեց Իրանի հիւլէական թղթածրարի, Իրաքի եւ Սուրիոյ հարցերը:

Նախքան Իրան մեկնիլը, ան 2012-ի նախատեսում կատարելով «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «կ՛ուզեմ յստակ կերպով ըսել, որ ոմանք շրջանային պաղ պատերազմի կը ձգտին: Մենք ատիկա կանխարգիլելու առնչութեամբ վճռակամ ենք: Շրջանային յարանուանական լարուածութիւն մը շրջանին համար անձնասպանութիւն պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «Թուրքիա շրջանին մէջ որեւէ բեւեռացման կողքին պիտի չըլլայ»: Ան նշեց, որ գոյութիւն ունի լարուածութեան մագլցումի վտանգ մը, որ ոչ միայն Իրաքի եւ Սուրիոյ վրայ պիտի ազդէ, այլ նաեւ` ամբողջ շրջանին վրայ:

 

Նախորդը

ՄԵՏՎԵՏԵՒ – ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՄԱՀԱՊԱՏԻԺԻ ԵՆԹԱՐԿԵԼ ՄՈՒՊԱՐԱՔԸ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.