
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վերահաստատեց, որ ինք կը մերժէ պետական նշանակումներուն պարագային ամբողջական ծրարի որդեգրումը:
Այս ծիրին մէջ ան նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է պետական նշանակումները իրերայաջորդ կերպով կատարել` հիմնուելով նշանակումներուն յատուկ որոշ հոլովոյթի մը վրայ:
Նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքին, որուն ընկերակցեցան Մամլոյ նորընտիր սենտիքայի անդամները:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ հակառակ կառավարութեան աշխատանքներուն մասին արձանագրուող քննադատութիւններուն, պէտք է ըսել, որ կառավարութիւնը իրագործած է նուաճումներ, որոնց շարքին` երեսփոխանական եւ նախարարական պաշտօնները իրարմէ անջատելու օրէնքի հաստատումը, արտերկրի լիբանանցիներուն լիբանանեան ինքնութիւն շնորհելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ ելեկտրական հոսանք հայթայթելու, քարիւղի պեղում կատարելու եւ աղքատ ընտանիքներուն օժանդակելու ծրագիրներուն վաւերացումը:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ընտրական օրէնքի, պետական պիւտճէի ծրագիրի եւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան օրէնքի քննարկումը:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ մթնոլորտը հետզհետէ կը բարելաւուի` աւելի եւս դիւրացնելով Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերսկսելու կարելիութիւնները:
Անդրադառնալով երկրին ապահովական իրավիճակին` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ երկրին ապահովական ուժերը իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն սանձելու համար ահաբեկչութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի արտաքին յարաբերութիւնները, յատկապէս ինչ որ առնչուած է արաբական իրադարձութիւններուն:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել: Քննարկուեցան երկրին ապահովական զարգացումները:


