Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱՆ

January 6, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Ասարթայի պարգեւատրման պահուն

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ պարգեւատրեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան:

Զօր. Ասարթայի պարգեւատրման ներկայ գտնուեցան լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող երկիրներուն դեսպանները:

Պարգեւատրման յաջորդեց ճաշկերոյթ մը, որ սարքուած էր ի պատիւ զօր. Ասարթայի:

Ճաշկերոյթին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ  ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը աւարտած պիտի չնկատուի, մինչեւ որ լիբանանեան բանակին յանձնէ երկրին սահմանները եւ զանոնք պահպանելու պատասխանատուութիւնը:

Ան նկատել տուաւ, որ այդ առաքելութիւնը հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ` շնորհիւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան:

Իր կարգին, զօր. Ալպերթօ Ասարթա շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը յանձնառու պիտի մնան իրենց ստանձնած պատասխանատուութիւններուն, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ:

Զօր. Ասարթա իր խօսքին մէջ յարգեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ զոհուած իւրաքանչիւր զինուորի յիշատակը` շեշտելով, որ անոնք զոհուեցան պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Զօր. Ասարթա անդրադարձաւ նաեւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին յաջորդած միջադէպերուն` նկատել տալով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ դրած են տագնապի երկու կողմերուն` լիբանանեան բանակին եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ համադրումներ կատարելու եւ փոխադարձ վստահութիւն յառաջացնելու:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հրամանատարը ընդգծեց, որ Լիբանան տառացիօրէն կը գործադրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը` աւելցնելով սակայն, որ վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը ռազմավարական որոշ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ այդ բանաձեւը ամբողջական կերպով գործադրելու առումով:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպանը, որ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ղազի Զաայթեր, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՀՈՒԹԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ «ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ»-Ի ԿՈՂՄԷ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԹՌԻՉՔՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԿԵՐՊՈՎ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.