Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան. «Տնտեսական Աճ Ապահովելու Համար Պէտք Է Մեծցնել Տնտեսութեան Կարողականութիւնը»

February 5, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին իրատեսական չնկատեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմատետրի այն գրառումը, ըստ որուն, պէտք է աշխատանք տանիլ, որպէսզի 2020-ին ապահովենք գոնէ 8-9 առ հարիւր տնտեսական աճ:

Անդրադառնալով այն հրապարակման, ըստ որուն, 2019-ի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 7,8 առ հարիւր,  Արթուր Խաչատրեան կասկած յայտնեց, որ ատիկա արդեօք իրակա՞ն տնտեսական աճ է, թէ ի յայտ եկած է ստուերի կրճատման պատճառով` դիտել տալով, որ ստուերը կը կազմէ Հայաստանի տնտեսութեան 30-40 առ հարիւրը, ուստի այդ աճը կապուած է ստուերի փոքր մասի նուազեցման:

Արթուր Խաչատրեան նշեց, որ տնտեսական աճ ապահովելու համար պէտք է մեծցնել տնտեսութեան կարողականութիւնը, իսկ ատոր համար կարիք կայ պետական եւ մասնաւոր ներդրումներու: «Ցաւօք, մենք տեսանք, որ 2019-ի պիւտճէի գլխաւոր յօդուածները թերակատարուեցան, պետութիւնը ձախողեցաւ պետական ներդրումներ եւ զարգացման միտուած թիրախային ծրագիրները իրականացնելու մէջ: Արտասահմանեան ներդրումներ մենք չենք տեսներ, հետեւաբար, առանց կարողութեան մեծացման յստակ քաղաքականութեան, ես կը կարծեմ, որ այդ 8-9 առ հարիւրը կը մնայ ուղղակի` իբրեւ բարի ցանկութիւն, ճիշդ այնպիսին, ինչպիսին է 2050-ի տնտեսութեան 15 անգամ մեծցնելու երազանքը», յայտնեց ան:

Ըստ Խաչատրեանի, ամէն պարագայի, եղած տնտեսական աճը քաղաքացիին վրայ էական ազդեցութիւն չէ ունեցած, որովհետեւ աճին մէկ մասը արդէն կար, միայն ձեւը փոխուած է, բայց միւս կողմէ կայ կազի գինի բարձրացումը, սննդամթերքի սակերու յաւելումը, ինչ որ շատ աւելի մեծ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ արդէն իսկ տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող քաղաքացիին համար:

Անդրադառնալով գիւղատնտեսութեան` նախկին նախարարը նախ նշեց, որ Հայաստանի համախառն ներքին արտադրութեան 18-25 առ հարիւրը կազմող գիւղատնտեսութիւնը զարգանալու համար պէտք է ունենայ նախարարութիւն, որ պիտի զբաղի գիւղատնտեսութեան իրական զարգացումով: Հաստատելով, որ գիւղատնտեսութեամբ զբաղող կառոյցը պէտք է ունենայ գործիքակազմ, յստակ գիւղատնտեսական քաղաքականութիւն, Արթուր Խաչատրեան մտահոգիչ նկատեց նման կառոյցի չգոյութիւնը:

 

Նախորդը

Արամ Համբարեան. «Մենք Կը Ցանկանք, Որ Հայերը Եւս Ներկայացուած Ըլլան Ուաշինկթընի Մէջ Որոշումներ Կայացնողներու Շրջանակին Մէջ»

Յաջորդը

Հայաստանի Նախագահն Ու Վարչապետը Քննարկեցին Ներքին Եւ Արտաքին Հարցեր

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.