Յունաստանի խորհրդարանը վաւերացուցած է Միացեալ Նահանգներու հետ պաշտպանական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը, որուն ծիրին մէջ ամերիկացիները պիտի կարենան օգտագործել Յունաստանի գրեթէ բոլոր զինուորական կեդրոնները, ինչպէս նաեւ նոր ռազմակայաններ պիտի ստանան: Այս մասին կը հաղորդէ «Էթնոս»-ը:
Համաձայնագիրը որդեգրուած է 175 թեր, 33 դէմ եւ 80 ձեռնպահ քուէներով:
Համաձայնագիրը կը նախատեսէ Կրետէ կղզիին վրայ ամերիկեան Սուտա Պէյ ռազմակայանի ընդլայնում, ինչպէս նաեւ ամերիկացի զինուորներուն ռազմակայանի ենթակառոյցներու տրամադրում:
Բացի ատկէ, ամերիկացիները պիտի կարենան Յունաստանի տարածքին մէջ գտնուող որեւէ ռազմական կեդրոն օգտագործել:
Կը նշուի, որ նոր համաձայնագիրի գործադրման սկսելուն ժամկէտը տակաւին չէ հաստատուած:



