Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «Օր Առաջ Պէտք Է Միաւորուիլ` Թոյլ Չտալու Սահմանադրական Կարգի Տապալումը»

February 1, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

31 յունուարին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ դատ բացուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանի դէմ` խորհրդարանին մէջ ելոյթին ընթացքին անոր ունեցած արտայայտութիւններուն համար:

«Այսպիսի արտայայտութիւններ կը կատարէ Ազգային ժողովի պատգամաւորը, որ օրէնքով պարտաւոր է նախ եւ առաջ իր քաղաքական ընդդիմախօսներուն նկատմամբ յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերել: Երկրորդ` մարդ մը, որ կը հանդիսանայ լրատուամիջոցի հիմնադիր: Երրորդ` կը հնչեն այդպիսի արտայայտութիւններ քաղաքական ամէնէն բարձր` Ազգային ժողովի ամպիոնէն, ուստի պատուի եւ բարի համբաւի պաշտպանութեան այս գործիքակազմով մենք կ՛ուզենք մեր երկրին մէջ  ձեւաւորել նախադէպ, որովհետեւ մեզի համար յայտնի չէ նման դէպք, երբ մեր երկրին մէջ կուսակցութիւնը այսպիսի հայցադիմում ներկայացուցած ըլլայ», նշեց ան:

Ասուլիսին ներկայ փաստաբան Հայկուհի Սեդրակեանն ալ պարզաբանեց, որ խօսքը Հայաստանի քաղաքացիական օրէնսգիրքի 1087.1 յօդուածով նախատեսուած դէպքերու (անձը, որուն պատիւը, արժանապատուութիւնը կամ գործարար համբաւը արատաւորած են վիրաւորանքի կամ զրպարտութեան միջոցով, կրնայ դիմել դատարան` վիրաւորանք հասցուցած կամ զրպարտութիւն կատարած անձին դէմ) մասին է: «Այս պահուն ունինք դատարանի որոշումը հայցադիմումը վարոյթ ընդունելու վերաբերեալ, ինչ որ կը նշանակէ, որ գործը կը քննուի Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ: Այս պահուն առաջին դատական նիստին վերաբերեալ տեղեկութիւն չունինք: Վիրաւորանքի համար կը պահանջեն հրապարակային ներողութիւն եւ 1 դրամ խորհրդանշական փոխհատուցում, եւ զրպարտութեան համար եւս 1 դրամ փոխհատուցում», բացատրեց ան:

«Իշխանութեան` «Ամէն ինչ գիտեմ» մօտեցումը ոչ մէկ տեղ տանող ճամբայ է», յայտարարեց Մինասեան` անդրադառնալով սահմանադրական փոփոխութիւններուն մասին քննարկումներուն:

«Չկայ երկխօսութիւն, չկայ առողջ բանավէճ, ուստի ակնկալել, թէ իշխանութիւնը սահմանադրական փոփոխութիւններուն մէջ միայն ազնիւ նպատակ կը հետապնդէ` առնուազն այս պահուն մշուշոտ է», աւելցուց ան:

Մինասեան դիտել տուաւ, թէ ակնյայտ է, որ իշխող քաղաքական ուժի որոշ ներկայացուցիչներ լայնածաւալ յարձակում կազմակերպած են Սահմանադրական դատարանին, անհատապէս դատարանի նախագահին եւ առանձին դատաւորներու նկատմամբ` առանց նկատի առնելու տարրական, բարոյական մօտեցումներն ու սկզբունքները` շեշտելով, որ Դաշնակցութիւնը ասիկա կը նկատէ ո՛չ ճիշդ, ո՛չ նպատակային եւ ո՛չ ալ արժէք ստեղծող վարքագիծ:

Արծուիկ Մինասեան դիտել տուաւ, որ պէտք է զսպուի քաղաքական իշխանութեան հակաօրինական ախորժակը: «Ատելութեան, թշնամանքի, մէկը միւսին դէմ հանելու` իշխանութեան այս վարքագիծը պիտի հասցնէ առճակատման, եւ օր առաջ պէտք է միաւորուիլ` թոյլ չտալու սահմանադրական կարգի հերթական տապալումը: Մեր մօտ ամէն գնով սեփական Սահմանադրական դատարան ունենալու` քաղաքական մեծամասնութեան ձգտումը պատրաստ է արհամարհել բազմաթիւ սկզբունքներ` առանց գիտակցելու, որ վաղը, երբ իրենք փոխուին, նոր իշխանութիւն կու գայ եւ կը ձեւաւորէ իր Սահմանադրական դատարանը», նշեց ան:

 

Նախորդը

Վարչապետ Տիապ Շարունակեց Հետեւիլ Երկրին Տնտեսական Տագնապը Լուծելու Ծրագիրներուն

Յաջորդը

Լոս Անճելըս. Իշխան Սաղաթէլեան Խորհրդակցութիւններ Ունեցաւ Հայաստանի Ընդհանուր Հիւպատոսին Եւ Արեւմտեան Շրջանի Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդին Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.