Լոս Անճելըս այցելող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 29 յունուարին անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի եւ Արեւմտեան շրջանի Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ:
Կլենտէյլի հիւպատոսարանին մէջ, դեսպան Բայբուրդեան ողջունեց այցելութիւնը Սաղաթէլեանի, որուն կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններուն վրայ: Սաղաթէլեան դեսպանին տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի ու Արցախի մէջ կուսակցութեան գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին` շեշտելով, որ կուսակցութեան նպատակն է պետութեան հզօրացումը` հակառակ ընդդիմադիր կուսակցութիւն մը ըլլալուն:
Շեշտուեցաւ նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերուն սերտացման կարեւորութիւնը, որուն մէջ կարեւոր դեր ունի նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը:
Առաջնորդին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը հայութեան կեանքին մէջ: Սաղաթէլեան շեշտեց, որ եկեղեցին հայութեան ազգային նկարագիրի խարիսխներէն մէկն է: Կողմերը նաեւ կարեւոր նկատեցին հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը:




