Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆեհմի Ռամփլինկի Եւ Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

January 30, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆեհմի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ գործադրած ծրագիրները` յատկապէս ընկերային մարզին վերաբերող:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆեհմի մաղթեց, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ բրիտանական կառավարութեան զօրակցութիւնը շարունակուի` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այս կառավարութեան ընծայել որոշ ժամանակ, որպէսզի ան կարենայ ինքզինք փաստել` յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ան բաղկացած է մասնագէտներէ, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` երաշխաւորելու համար երկրին միասնականութիւնը եւ անոր դիմագրաւած ներկայ տագնապալի իրավիճակէն փրկութիւնը:

Ֆեհմի շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի, ապահովական կառոյցները իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն` հեռու մնալով քաղաքականութենէն, որովհետեւ անոնց հիմնական պարտականութիւնը ցոյցերուն խաղաղութիւնը, ցուցարարներուն անվտանգութիւնն ու սեփական եւ պետական կալուածներուն պաշտպանութիւնն է:

Ռամփլինկ դրուատեց լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը` յոյս յայտնելով, որ անոնք չեն վերածուիր երկիրը յուզող տագնապին մէկ թեւին, այլ` կը պահպանեն իրենց չէզոք դիրքը: «Ապահովութեան ուժերն ու լիբանանեան բանակը իրենց վարուելակերպին ընդմէջէն կը գծեն ապագայ նոր Լիբանանի քարտէսը», ըսաւ ան:

Ռամփլինկ շեշտեց, որ ինք լաւատես է նոր կառավարութեան կազմութեամբ` հակառակ անոր դիմագրաւած ճնշումներուն, որոնք կը բանեցուին միջազգային ընտանիքին, ժողովրդային շարժումին, տնտեսական կացութեան, լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ արտաքին աշխարհին նկատմամբ Հըզպալլայի կեցուածքին կողմէ:

«Բրիտանիոյ համար Լիբանանի կայունութիւնն ու միասնականութիւնը շատ կարեւոր են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Բրիտանիոյ կեցուածքը կը զատորոշուի Հըզպալլայէն, Լիբանանի նորակազմ կառավարութենէն ու լիբանանցիներէն:

Միւս կողմէ, Ֆեհմի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինիի:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆեհմի պահանջեց, որ միջազգային ընտանիքը յաւելեալ բծախնդրութեամբ եւ ջանքերով օժանդակէ Լիբանանին` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ապահովումին համար:

Իր կարգին, Քիւպիչ ընդգծեց, որ Լիբանանի օժանդակող երկիրները պիտի շարունակեն զօրակցիլ Լիբանանին` հակառակ անոր նկատմամբ իրենց կեցուածքներուն տարակարծութեան: Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի օժանդակող երկիրները կը զօրակցին Լիբանանի կայունութեան եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան:

Քիւպիչ պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան հետ` աւելցնելով, որ ինք կը հետեւի Լիբանանի կողմէ «Հռոմ 2» վեհաժողովի որոշումներուն գործադրութեան` զօրակցելու եւ զինելու համար ապահովութեան ուժերը:

Ան հաստատեց, որ ինք մօտէն կը հետեւի նաեւ Լիբանանի ապահովական կացութեան, որ երկրին տնտեսական իրավիճակէն նուազ կարեւոր, զգայուն եւ վտանգաւոր չէ: Ան դիտել տուաւ, որ իրեն համար կարեւոր է, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը յանձնառու մնայ իրենց կարծիքը ազատօրէն յայտնող ցուցարարներու անվտանգութեան: Միւս կողմէ, Լազարինի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը գործեն 25 ընկերութիւններ, որոնք ՄԱԿ-ին կը պատկանին:

Ան նշեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան մատուցուելիք օժանդակութիւնը կախեալ է անոր ընտրանքներէն` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու առումով:

Նախորդը

Լիբանանցիները Կը Դատապարտեն Թրամփի Յայտարարած «Դարու Գործարք»-ը

Յաջորդը

Պըրրի. «Դարու Գործարք»-ը Պաղեստինեան Դատին «Ահաբեկում»-ն Է»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.