Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ըստ պաշտօնական վիճակագրութիւններու, աշխարհի տարածքին այսօր կայ աւելի քան 70 միլիոն մարդ արարած, որ կը գտնուի գաղթականի կարգավիճակի մէջ: Անոնք զանազան տագնապներու, պատերազմներու եւ բռնարարքներու պատճառով հարկադրուած են հեռանալ իրենց բնակարանէն, վերաբնակեցուած են իրենց երկրի սահմաններէն ներս կամ արտագաղթած են: Այս թիւը տասը տարի առաջ շուրջ 42 միլիոն էր…
Բնական եւ անբնական պայմաններու բերումով, 2000-ին իր երկիրը լքած է 173 միլիոն մարդ, ներառեալ` կամովին տեղափոխուածները: 2019-ին այս թիւը մօտեցած է 270 միլիոնի: Այսինքն բռնի կերպով գաղթական դարձածներուն թիւը կը կազմէ ընդհանուրին մօտաւորապէս 25 առ հարիւրը: Կան նաեւ ոչ-պաշտօնական աւելի՛ ահաւոր թիւեր…
***
Առաւելաբար, իրենց բնակավայրերէն բռնի ձեւերով հեռացողներուն տագնապը մերթ ընդ մերթ կ՛արծարծուի միջազգային մամուլին կողմէ, նիւթ կը դառնայ միջազգային հանդիպումներու, խորհրդաժողովներու: Ակներեւ է, որ Թուրքիա կը կանգնի այս տագնապը շահագործողներուն պարագլուխի դիրքին վրայ, կ՛աշխատի միլիառաւոր տոլարի «հատուցում» ստանալ եւրոպական երկիրներէ, իսկ երբ իր սպասած գումարները լիովին չհասնին` կը սպառնայ բռնագաղթուածները ղրկել Եւրոպա: Նորագոյն ապացոյցը Գերմանիոյ Մերքելին հետ Էրտողանի վերջին հանդիպումն էր:
Միջազգային հանդիպումներու եւ խորհրդաժողովներու առիթով կը խօսուի գաղթականներուն օգնութիւն հասցնելու հրամայականին մասին: Բոլոր գաղթականները կարելի չէ արձանագրել նոյն «դասակարգին» մէջ: Մասնակի դասակարգում մը մեր աչքին առջեւ պիտի պարզէ հետեւեալ պատկերը: Գաղթականներ` լատինամերիկեան երկիրներէ, ափրիկեան երկիրներէ, Միջին Արեւելքէն, ասիական երկիրներէ: Իւրաքանչիւր երկրի կամ ցամաքամասի գաղթականական ալիքները ունին տարբեր շարժառիթներ, պատճառներ, սակայն բոլորն ալ կը հասցնեն նոյն հասարակ յայտարարին. գաղթականներուն վիճակուած թշուառութիւն, մահ ու անսուաղութիւն, չարաշահում` անոնց վիճակին:
Երբեւիցէ լսա՞ծ էք, որ մտահոգ կողմերը` երկիրներ, միջազգային կազմակերպութիւններ թէ այլք, խօսին այս տագնապին ԲՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՒՆ, հետեւաբար նաեւ` դարմանումի միջոցներուն մասին. թէ` ինչպէ՞ս կարելի է վերջ տալ գաղթականական ալիքներու եւ ճամբայ բանալ թշուառութեան մատնուածներու տունդարձին: Չի խօսուիր բռնատէրներու եւ ոճրագործ իշխանութեանց գործունէութեան դադրեցման, պատերազմներու հրահումէն հրաժարելու (ուրեմն նաեւ` զէնքի շուկաներու սահմանափակման) եւ, մէկ խօսքով, մարդոց ողբերգութիւնը շահու աղբիւրի վերածողները դատապարտելու, զսպելու մասին:
Եւ, իսկապէ՛ս, ո՞վ լուսարձակի տակ պիտի բերէ գլխագիր տագնապին իսկական պատճառները, ո՞վ պիտի ձեռնարկէ արմատական դարմանումը:
***
… Իսկ մենք, Հայաստանի մէջ, պէտք է ուրախանա՞նք, որ արտագաղթողներու թիւը փոքր նուազում արձանագրած է, սակայն բազմահազարներու արտագաղթը չէ դադրած:
23 յունուար 2020



