Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբը կատարեց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումներուն իր վերջին ճակատումը` Պլու Սթարզի դէմ եւ արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 21 կէտը եւ բնականաբար գրաւելով Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Այժմ պիտի սկսին դարձի մրցումները եւ ՀՄԸՄ-ի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 8 յունուարին: Դարձի վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 8 փետրուարին, անշուշտ եթէ որեւէ փոփոխութիւն տեղի չունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած յայտագիրին մէջ:
Նշենք, որ դարձի եօթը մրցումներէն երեքը տեղի պիտի ունենան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, մէկը` Պաապտայի, մէկը` Ղազիրի, մէկը` Մարզական աւանի եւ մէկը` Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ:
Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի կատարելիք դարձի մրցումներուն յայտագիրը.
ԿԻՐԱԿԻ, 8 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2012 ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Անթունիէ – ՀՄԸՄ 18:00 Պաապտա
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2012
ՀՄԸՄ – Ահիաա Ռիատա 19:30 Աղբալեան
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2012
Ղազիր – ՀՄԸՄ 22:00 Ղազիր
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2012
ՀՄԸՄ – Ռիատի Ֆէյթրուն 19:30 Աղբալեան
ՈՒՐԲԱԹ, 27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2012
Թըպնին – ՀՄԸՄ 20:00 Մարզական աւան
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2012
Քաունթրի Լոճ – ՀՄԸՄ 20:30 Միշել Մըր
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 8 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2012
ՀՄԸՄ – Պլու Սթարզ 19:30 Աղբալեան


