Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեանի Կապանեան Ելոյթը Եւ Դաշնակցութիւնը

January 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Երեւի արձագանգելով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի վերջերս հրապարակուած կոչին` վարչապետ Փաշինեան վերջապէս տրամադրութիւն կը յայտնէ երկխօսութեան դիմելու «Դաշնակցութեան համահայկական կառոյց»-ին հետ` միաժամանակ բացայայտ բացառման մէջ պահել ջանալով Հայաստանի մեր կազմակերպութիւնը: Պարզ խօսքով, պր. վարչապետը պատրաստ է խօսելու ՀՅԴ Բիւրոյին հետ, բայց կը մերժէ խօսիլ Դաշնակցութեան երկրի կազմակերպութեան հետ. կազմակերպութի՛ւն, որ պր. վարչապետի արտախորհրդարանական հզօր ընդդիմութիւնը կը ներկայացնէ:

Այսօր մեր երկիրը կը դիմագրաւէ ներքաղաքական կոտորակման լուրջ սպառնալիքը: Իմքայլական իշխանութիւնները, իրենց ներկայ քաղաքականութեամբ, երկիրը կը մղեն դէպի ներքին բեւեռացում, որուն պատճառով, սակայն, կառավարութիւնն է, որ հետզհետէ կը մեկուսանայ իր ժողովուրդէն: Փաստերը ցոյց կու տան, որ այն ժողովրդական ալիքը, որուն թեւերուն վրայ պր. վարչապետի խումբը եկաւ իշխանութեան, արդէն վաղուց վերադարձած է իրականութեան: Այսօր այլեւս կը գործեն քաղաքական դաշտի մտահոգութիւնները` ի տարբերութիւն ապաքաղաքական բեմադրութիւններու: Արդէն հասած ենք հոն, ուր կառավարութեան գործը անխուսափելիօրէն պիտի չափուի իրական չափանիշներով եւ ոչ` ամբոխավարական պոռթկումներով: Եւ արդէն երկրի իրական մարտահրաւէրներն են, որոնք կը ծառանան հանրութեան եւ իշխանութեան առջեւ եւ կը պարտաւորեցնեն իրենց անյետաձգելիութեամբ:

Այժմ իշխանութիւնը կը գտնուի երկիրը միացնելու բարոյական պարտաւորութեան տակ: Այլընտրանք գոյութիւն չունի: Իշխանութիւնը պիտի խօսի երկրի իրական ուժերուն հետ: Առաջին հերթին` Դաշնակցութեա՛ն հետ: Եւ անշուշտ պէտք է անկեղծօրէն գնահատել այն փաստը, որ վերջապէս պր. վարչապետը, ի՛նք եւս կը գիտակցի այս հրամայական անհրաժեշտութեան:

Եւ սակայն ժամանակն է, որ իշխանութիւնը միանգամընդմիշտ ընդունի, որ Դաշնակցութիւնը, կամ որեւէ այլ քաղաքական ուժ` երկրի բեմին վրայ քաղաքական շմորկասպորտ չէ: Կա՛մ պատրաստ էք Դաշնակցութեան հետ խօսելու եւ կամ `ո՛չ: Այս երկուքին միջեւ երրորդ փոխընտրութիւն մը չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Քաղաքական բեմի ուժերը ներառեա՛լ Դաշնակցութիւնը, կրնան գտնուիլ սուր տարակարծութիւններու մէջ իրարու հետ, բայց անոնք նաեւ բարոյապէս պարտաւորուած են համախոհութեան գալու ազգին գերամեծար առաջնահերթութիւններուն շուրջ եւ անկեղծօրէն գործակցելու իրարու հետ: Նախաձեռնութեան այս ոգին է միայն, որ հնարաւոր կրնայ դարձնել իրական երկխօսութիւնը: Անհետեւանք լոզունգներու մշակոյթը վաղուց սպառած է ինքզինք: Վաղուց անցած է այդ բանին ժամանակը: Իրական նախաձեռնութեան ժամանակն է, պր. վարչապետ: Եւ հսկայ օրակարգ մը կայ երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն առջեւ:

25 յունուար, 2020

 

Նախորդը

Հարցում. «Կարելի՞ Է Կուսակցական Ըլլալ Եւ Ըլլալ Հրապարակագիր»

Յաջորդը

Երկխօսութեան, Համագործակցութեան Եւ Սփիւռքի Հետ Յարաբերութեան Մասին

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.