Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ՓԱՐԻԶ` ԱՌԱՆՑ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻ

January 5, 2012
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի մէջ գործող Թուրքիոյ դեսպանը, որ առ ի բողոք Ֆրանսայի Ազգային ժողովի քուէարկած օրինագիծին մեկնած էր Անգարա, ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն փոխանցած տեղեկութիւններուն մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ կը վերադառնայ իր աշխատանքին: Այդպէս ալ պիտի ըլլար:

Հիմնաւորումը` աշխատանքի վերադարձին, կը վերաբերի գործուղման թիրախային նոր կէտի մը: Արգելակել, որ օրինագիծը յայտնուի Ֆրանսայի ծերակոյտի օրակարգին: Այս մէկն ալ օրինաչափ է: Անգարա վերադառնալը յայտարարողական մակարդակի սպառնական մարտավարութեան մաս կազմող առաջին օղակներէն էր, որ այժմ սպառած է արդէն եւ պարզապէս պէտք է պատրաստել աշխատանքի դարձը հիմնաւորող քաղաքական ենթահող:

Ի հարկէ կանխատեսելի բեմագրութիւն է եղածը, մանաւանդ որ քանի մը անգամ բեմադրուած արար է Անգարայի բեմադրիչներուն կողմէ եւ առայժմ ո՛չ յանկարծակիութեան գործօնի ազդեցութիւն ունի եւ ո՛չ ալ քաղաքական նոր գործընթաց սկսելու մեկնակէտ կրնայ դիտարկուիլ:

Խնդիրը մէկ կողմէ եթէ թրքական քաղաքական խուճապի ցուցադրութեամբ սպառնալիքները անտեսելն է, միւս կողմէ` այս բոլորին դիմաց հայկական կողմին ցոյց տուած գերխանդավառութիւնն է: Անշուշտ անհրաժեշտ էր ողջունելն ու շնորհաւորելը` անոնց հետ սակայն մնայունօրէն յիշեցնելով եւ ակնկալելով օրինագիծին օրէնքի վերածուելու համար անհրաժեշտ հանգրուանները իրագործելը: Սպառնալիքը, խուճապը եւ պարտուածի կարգավիճակ ցոյց տալը թրքական դիւանագիտութեան խաղի կանոններն են այս պարագային` մինչեւ խաղին աւարտը: Իսկ խաղը փաստօրէն չէ աւարտած:

Այս պահու դրութեամբ հանգամանքները պէտք է վերաբանաձեւել իմանալու համար, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ շարժիլը նպատակայարմար է խաղին աւարտը ի նպաստ հայկական կողմին տեսնելու համար:

Հայաստան-Ֆրանսա միջպետական յարաբերութիւնները  ստացած են նոր խթան, յատկապէս Ֆրանսայի նախագահին Երեւան կատարած այցելութեան առիթով: Այցելութեան եւ անոր ընթացքին կատարուած աննախադէպ յայտարարութիւնները ի հարկէ որոշակի առումով ընտրական ելակէտներ ունին, այսուհանդերձ կը տեղադրուին շրջանին նկատմամբ Ֆրանսայի կիրարկած ընդհանուր քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Չմոռնանք, որ թէ՛ բնոյթով եւ թէ՛ տարողութեամբ նախագահ Սարքոզիի այցելութիւնը Պաքու նոյնը չէր, եւ այս մէկը կարելի չէ բացատրել բացառապէս այն իրականութեամբ, որ  Ֆրանսայի մէջ ազրպէյճանական համազօր համայնք գոյութիւն չունի: Պէտք չէ անտեսել անշուշտ Ղարաբաղի տագնապի լուծման նկատմամբ համեմատաբար աւելի զուսպ եւ կշռադատուած յայտարարութիւնները, եթէ չհաշուենք Մինսքի խմբակի արդէն նախկին համանախագահ ֆրանսացի Պեռնար Ֆասիէի զգայացունց յայտարարութիւնը` Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան սկզբունքի գերադասումով:

Նախագահական մրցապայքարին մէջ, գործող նախագահին ներկայացուցած ուժին եւ Ընկերվարական կուսակցութեան համար Ֆրանսահայ քաղաքական գործօնի սիրաշահումը կարեւոր խնդիրի հանգամանք ունի: Թէեւ ընկերվարականներուն համար ժխտողականութեան քրէականացումը ընտրական շահարկումներէն հեռու սկզբունքային առաջադրանքի փաստը ցոյց տուած է տարբեր առիթներու: Նախագահ Սարքոզի այս պարագային յաղթաթուղթ մը կ՛ուզէ խլել իր մրցակիցներէն եւ գէթ մինչեւ այս հանգրուանը առաջ կ՛երթայ այս ուղղութեամբ:

Տակաւին կայ անշուշտ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմաց պատնէշներ հիւսելու համար արգելակիչ խնդիրներու արծարծման վարքագիծը:

Այս բոլորին համատեղումը կը նախանշէ, որ օրինագիծը օրէնքի վերածելու համար նախադրեալները համեմատաբար յուսադրիչ են: Մինչ այդ, սակայն, ականատես պիտի ըլլանք թրքական ճնշումներու մարտավարական տարբեր արարներու, որոնց նպատակը յաջորդ հանգրուաններու խափանումն է: Անգարայի սպառնական 8 կէտերէն մէկը չեղեալ կը նկատուի դեսպանին Փարիզ վերադարձով:

Հայկական կողմի պետական եւ հասարակական գործօնները համատեղ աշխատելով վստահաբար կ՛առաջադրեն յաջորդ հանգրուաններու նուաճումները: Թրքական սպառնալիքներու ութ կէտերէն մէկը չեղեալ նկատուած է արդէն: Մնացեալները կը սպասեն հերթի:

Նախորդը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԹՈՒՐՔ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ՓԱՐԻԶ` ԱՌԱՆՑ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻ

Յաջորդը

ՕԶՊԻԼԻՍ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՊՐԱԶԻԼ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.