
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան ներկայացուցիչ Էնկին Սոլաքօղլու յայտնած է, որ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու յառաջիկայ օրերուն Փարիզ պիտի վերադառնայ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին դէմ լոպիինկ կատարելու համար: «Ան 4-5 օրէն պիտի վերադառնայ եւ պիտի փորձէ կասեցնել ծերակոյտին մէջ այդ օրինագիծին որդեգրումը», ըսած է Սոլաքօղլու:
Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումէն անմիջապէս ետք թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, որ Անգարա իր դեսպանը Փարիզէն տուն կը կանչէ: Ապա Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա Ֆրանսայի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական յարաբերութիւնները կը սառեցնէ:


