Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեանի Նախագահութեամբ` «Արցախ – Աւստրալիա» Բարեկամութեան Շրջանակի Անդամներու Հանդիպում

January 25, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ-Աւստրալիա» բարեկամութեան շրջանակի անդամներու հանդիպումը` Դաւիթ Իշխանեանի նախագահութեամբ:

Նիստին բացումը կատարելով` Դաւիթ Իշխանեան ներկաները շնորհաւորեց անցած տօներուն առիթով:

Այնուհետեւ ներկայացուց հանդիպման նպատակը, որ պայմանաւորուած էր երկու հանգամանքով: «26 յունուարին Աւստրալիոյ ազգային տօնն է` պետականութեան օրը: Երկրորդ հանգամանքը` վերջին շրջանին Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող բնական աղէտները: Մեր երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացի ցաւով կը հետեւէր այդ իրադարձութիւններուն: Խորհրդակցելով բարեկամական շրջանակի անդամներու հետ, ծրագրած  ենք մեր զօրակցութիւնը եւ ցաւակցութիւնը մեր բարեկամներուն միջոցով փոխանցել Աւստրալիոյ ժողովուրդին», նշեց Դաւիթ Իշխանեան:

Ներկաներուն կողմէ խմբագրուեցաւ «Աւստրալիա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակին ուղղուած նամակը, որուն մէջ յատկապէս նշուեցաւ.

«Արցախ կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին մեր լաւ ընկեր Ճոն Ալեքսանտրը մեզի ներկայացուց աւստրալիական «Գործընկերութեան»  հայեցակարգը: Մենք հաւնեցանք եւ ընդունեցինք, եւ հիմա Արցախի բոլոր աւստրալիացի բարեկամները մեր գործընկերները կը նկատենք:

Ձեզի կը յղենք մեր սրտագին շնորհաւորանքները Աւստրալիոյ ազգային տօնին առիթով: Աւստրալիան եւ աւստրալիացիները հպարտանալու բազում առիթներ ունեն. նախ եւ առաջ` ամուր ժողովրդավարութիւնը, ցեղային, կրօնական բազմազանութիւնը, իւրաքանչիւր քաղաքացիի ընձեռուող ազատութիւնները եւ նուիրուածութիւնը արդարութեան:

Արցախի ժողովուրդը Աւստրալիան միշտ նկատած է այն օրինակելի երկիրը, որուն կը ցանկար ձգտիլ ժողովրդավարութեան ուղին բռնած իւրաքանչիւր երիտասարդ պետութիւն: 1991-ի անկախութեան հռչակումէն ի վեր մենք ջանք չենք խնայած մեր երկրին մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններ ստեղծելու համար:

2020-ը Արցախի համար կարեւոր տարի պիտի ըլլայ, քանի որ 31 մարտին տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն շնորհիւ մենք ա՛լ աւելի պիտի ամրապնդենք մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը` ապահովելով ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպում:

Ընդունեցէ՛ք նաեւ մեր խորին ցաւակցութիւնը վերջին շրջանին  Աւստրալիոյ մէջ մոլեգնող կործանարար հրդեհներուն եւ միւս բնական աղէտներուն պատճառով մարդկային զոհերու եւ նիւթական վնասներու համար: Վստա՛հ եղէք, որ մենք միշտ կ՛աղօթենք Աստուծոյ` խնդրելով անոր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը աղէտներէն տուժածներուն»:

Նախորդը

Աննա Նաղդալեան. «Արցախը Որեւէ Պարագայի Չի Կրնար Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ըլլալ»

Յաջորդը

Օպամայի Կարծիքով` Սենտըրս Թրամփին Յաղթելու Կարելիութիւն Չունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 4, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.