Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Արձանագրելիք Յաջողութիւնը Հաստատ Է»

January 25, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆահմի յայտնեց, որ նախագահ Աունին շնորհակալութիւն յայտնած է իր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ քննարկած ապահովական իրավիճակին ու ապահովական կարգ մը միջոցառումներուն վերաբերող հարցեր:

Ֆահմի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած է խաղաղ ցուցարարներուն անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով ապահովութեան ուժերուն տուած իր հրահանգը, ինչպէս նաեւ որդեգրուած միջոցառումները արգիլելու սադրիչները` ցոյցերուն ընթացքին եւ այլ վայրերու մէջ խուլիկանութիւններ կատարելէ:

Ֆահմի նշեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը օրէնքի հիման վրայ կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները եւ պիտի պաշտպանեն պետական եւ սեփական կալուածները:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Նախագահ Աուն Մարոթթին պարգեւատրեց Մայրիներու «Մեծ սպայ» աստիճանի շքանշանով` գնահատելով լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ անոր թափած ջանքերը:

Միւս կողմէ, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահ Աունի այցելուներէն, գրած է, թէ հանրապետութեան նախագահը մտադրած է սահմանադրութեան թիւ 65-րդ յօդուածը գործադրել կառավարութեան նիստերուն ընթացքին, որպէսզի կարելի ըլլայ որոշումները քուէարկութեամբ տալ` համախոհութիւն չգոյանալու պարագային:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած ելեւմտական տագնապը Կեդրոնական դրամատունը կառավարելու համակարգին եւ ելեւմուտքի նախարարութեան միացեալ պատասխանատուութիւնն է:

Հանրապետութեան նախագահը ընդվզում յայտնեց իր իշխանութեան հասցէին կատարուած զրպարտութիւններուն դէմ` ընդգծելով, որ յառաջիկայ փուլը նուաճումներով լեցուն պիտի ըլլայ:

Ան ընդգծեց, որ ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած անկարգութիւններն ու խուլիկանութիւնը ֆինանսաւորուած են` աւելցնելով, որ ցուցարարները Պէյրութ փոխադրող փոխադրակառքերուն ֆինանսաւորման աղբիւրները նաեւ յստակ են իրենց համար:

Նախագահ Աուն զարմանք յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մերժած է այս կամ այն անձնաւորութիւնը պատասխանատուութեան հրաւիրել` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ Հարիրի կը փափաքի անոնց անձեռնմխելիութիւն շնորհել:

«Եթէ կան պատասխանատուներ, որոնք թերացած են պետութեան գումարները պաշտպանելու գործին մէջ, ապա անոնք հաշուետուութեան պէտք է կանչուին: Կրնա՞յ ըլլալ, որ երկիրը այս վիճակին հասած է եւ ոչ ոք պատասխանատու է անոր», հարց տուաւ նախագահ Աուն:

 

 

Նախորդը

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակումը Սկսած Է, Իսկ Քիւպիչ Կ՛ընդգծէ Բարեկարգումներու Գործադրութեան Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Բոլորին Նորակազմ Կառավարութեան Տալու 3-4 Ամսուան Աշխատանքի Առիթ Մը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.