Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակումը Սկսած Է, Իսկ Քիւպիչ Կ՛ընդգծէ Բարեկարգումներու Գործադրութեան Անհրաժեշտութիւնը

January 25, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման անդրանիկ նիստին` ներկայութեամբ այդ նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբին, որուն մաս կը կազմեն փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, ինչպէս նաեւ նախարարներ Վարդինէ Օհանեան, Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատախազ Մահմուտ Մաքքիէ եւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին սկսած նիստը աւարտեցաւ մէկուկէս ժամ ետք:

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ շեշտած է, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պէտք է պարզ ոճով բանաձեւուի եւ հեռու մնայ հակասութիւններէ:

«Տիապ յայտնեց, որ ժողովուրդը մեզմէ աշխատանք կ՛ակնկալէ, հետեւաբար մեր ծրագիրին մէջ հսկայ խոստումներ պէտք չէ արձանագրենք եւ չվարուինք այնպէս մը, որ ամէն ինչ շատ լաւ վիճակի մէջ է», ըսաւ Ապտել Սամատ:

Ան նշեց, որ վարչապետը ընդգծած է, թէ պէտք է կառավարութիւնը յանձնառու մնայ այն ծրագիրին, որ կրնայ գործադրել:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նախարարական յանձնախումբը տիւ ու գիշեր պիտի աշխատի` աւարտելու համար աշխատանքային ծրագիրին մշակումը, որ զերոյէն սկսած է:

Նշենք, որ նախարարական յանձնախումբը իր աշխատանքը շարունակեց երկրորդ նիստով մը, որ սկսաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին եւ տեւեց չորս ժամ:

Նախարարական յանձնախումբին յաջորդ նիստը պիտի գումարուի այսօր` շաբաթ, 25 յունուար 2020-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, վարչապետարանին մէջ:

Տիապի Այցելուները

Նշենք, որ վարչապետ Տիապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քիւպիչ յայտնեց, որ Տիապի մօտ շօշափած է լրջութիւն եւ դրական նշաններ, «սակայն կարեւորը բարեկարգումները գործադրելուն եւ առաւելագոյն թափանցիկութեամբ գործելուն մէջ է», ըսաւ ան:

Քիւպիչ հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը Լիբանանէն կ՛ակնկալէ բարեկարգումները իրագործել, փտածութեան դէմ պայքարիլ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի պահանջներուն անսալ:

Տիապի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ դրամատան Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Սարուժ Քումարժայի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնիի:

Քննարկուեցան Լիբանանին վերաբերող ելեւմտական եւ տնտեսական հարցերը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Անթուան Սալիպա, որ վարչապետ Տիապին ներկայացուց երկրին ապահովական իրավիճակը:

Տիապի այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն` ներկայութեամբ բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Թոնի Մանսուրի:

Քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւններն ու բանակին կարիքները:

Նախորդը

Նախարարութիւններու Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Պաշտօնական Արարողութիւնները Հասան Իրենց Աւարտին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Արձանագրելիք Յաջողութիւնը Հաստատ Է»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.