
Հովանաւորութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի, Ճարտարարուեստական հետազօտութիւններու հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Ֆըրն կազմակերպեց ընթրիք մը` նշելու համար հիմնարկի նոր կեդրոնին մօտալուտ բացման առիթը:
Ընթրիքին ընթացքին նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ երկար ժամկէտի վրայ գործող, նիւթական կայունութիւն ապահովող եւ աշխատանքի դաշտեր տրամադրող հաստատութիւնը գնահատանքի եւ դրուատիքի արժանի է:
Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանանի արժանիքը այն է, որ ան ժողովրդավարական է եւ ազատ տնտեսութիւն ունի, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ անձնական նախաձեռնութիւնները:
«Այս առումով, սակայն, բոլորը պէտք է լաւ իմանան, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապներուն եւ շրջանին վկայած իրարանցումներուն, Լիբանանի կառավարութիւնը կրցած է ապահովել երկրին կայունութիւնը, որ կառավարութեան նուաճումն է», ըսաւ Սապունճեան:


