Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Թակես-Անցայկըր»-ի. Տաւոսի Մէջ Ռուսական Գաղտնի Սպասարկութեան Գործողութիւն Մը Կանխարգիլուած Է

January 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զուիցերիական գաղտնի սպասարկութիւնները օգոստոս 2019-ին Տաւոսի մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ տարեկան Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովը, վնասազերծած են ռուսական գաղտնի սպասարկութեան երկու ենթադրեալ լրտեսներ: Այս մասին կը գրէ զուիցերիական «Թակես-Անցայկըր» օրաթերթը:

Օրաթերթին տուեալներով` անցեալ տարուան օգոստոսին զուիցերիական անվտանգութեան մարմիններուն ուշադրութիւնը գրաւած էին երկիր ժամանած երկու ռուսեր: Անոնցմէ մէկը յայտարարած է, որ ինք կապարագործ կ՛աշխատի: Ռուսերը կը պատրաստուէին Զուիցերիոյ մէջ մնալ երեք շաբաթ, սակայն ժամանման յստակ պատճառ չեն կրցած նշել: Այդ բոլորը իշխանութիւններուն մօտ կասկածներ յառաջացուցած են: Բացի ատկէ, երկու «զբօսաշրջիկներ»-ն ալ ունեցած են ռուսական դիւանագիտական անձնագիրներ: Այս փաստը հաստատած են նաեւ տեղւոյն ոստիկանութեան մէջ:

Օրաթերթը կը գրէ, որ ռուսական կողմը դիւանագիտական հետեւանքներով սպառնացած է, եթէ ենթադրեալ լրտեսները ձերբակալուին: Պերլինի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մամլոյ բանբերը պատասխանելով այն հարցումին, թէ կապարագործները ինչո՛ւ դիւանագիտական անձնագիրներ ունին, յայտնած է, որ միայն արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցները չեն, որ այդպիսի անձնագիրներ կը ստանան:

Օրաթերթի աղբիւրներուն տուեալներով` ռուսերը Տաւոսի մէջ կրնային գաղտնալսման կամ համացանցահէնային յարձակման ծրագիր մշակել յունուարեան Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովին համար:

Ելեւմուտքի գործարար Ուիլիըմ Պրաուտըր վերջերս յայտարարեց, որ ռուսերու ենթադրեալ թիրախը ինք եղած է: Անոր կարծիքով` ատիկա առնչուած է իրաւաբան Սերկէյ Մակնիթսքիի մահուան եւ ատոր համար ռուսական իշխանութիւնները մեղադրելու համար իր հետաքննական ջանքերուն:

«Անցեալ ուրբաթ օր զուիցերիական գաղտնի սպասարկութիւններու ներկայացուցիչները ինծի կապուեցան եւ տեղեկացուցին, որ անվտանգութեանս վտանգ կը սպառնայ, եւ այդ վտանգը կու գայ Ռուսիայէն», պատմած է Ուիլիըմ Պրաուտըր:

Մակնիթսքին մահացած է 2009-ին, Ռուսիոյ բանտերէն մէկուն մէջ: Ան կալանաւորուած էր տուրքերէն խուսափելու մեղադրանքով: Հետաքննութեան տուեալներով` մահուան պատճառը սրտի առնչուած խնդիրներն են: Անոր հարազատներն ու գործընկերները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ կը պնդեն, որ իրաւաբանը մահացած է ժամանակին բժշկական օգնութիւն չստանալուն պատճառով, ինչ որ կատարուած է կանխամտածուած ձեւով: «Հըրմիթէյճ Քափիթըլ»-ն ալ յայտարարած է, որ անոր մահուան ետին կանգնած են այն ռուս պաշտօնատարները, որոնց բազմամիլիոնանոց խարդախութիւնները Մակնիթսքին «ջուրի երես հանած էր»:

Նախորդը

Հայաստան Ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կրթութեան Բիւրոյի Խորհուրդի Ղեկավար Կոմիտէի Նախագահ

Յաջորդը

Նոր Բացայայտուած Ժահրը Փեքինի Դեղարաններուն Մէջ Պաշտպանութեան Դիմակներու Տագնապ Ստեղծած Է

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.