Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշոտ Ղուլեան. «Արցախը Հետեւողական Պիտի Ըլլայ Ցեղասպանութեան Կազմակերպիչները Եւ Իրականացնողները Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Հարցին Մէջ»

January 20, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

30 տարի առաջ կատարուած ոճիրի անցքերը ուսումնասիրելու ընթացքին պարզ ու մարդկային հարց մը կը յառաջանայ` ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ նոյն ժողովուրդը երեք անգամ ջարդի ենթարկուի մէկ քաղաքի մէջ, որուն  հիմնաքարերը իր ձեռքով դրած է. ըստ «Երկիր»-ին, Պաքուի ջարդերու 30-ամեայ տարելիցին նուիրուած` Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային ժողովներու միջխորհրդարանական յանձնախումբի միացեալ յատուկ նիստին ելոյթ ունենալու ընթացքին նշեց Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

«Պատասխանը մէկ է` ստեղծագործ եւ արարող հայը չէ սպաննած իր մէջ մարդասիրութիւնը, չէ լքած իր ժառանգութիւնը` ամէն անգամ յաղթահարելով իր ցաւը:

Այն, ինչ որ տեղի ունեցած է Պաքուի մէջ 1990-ին, յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ, կազմակերպուած եւ իրագործուած դրացի պետութեան իշխանութիւններուն կողմէ: Մէկ շաբաթ շարունակ Պաքուի հայութիւնը իր բնակարաններուն, աշխատանքի վայրին, կրթական եւ այլ հաստատութիւններու մէջ ենթարկուած է նուաստացման, խոշտանգումներու եւ ջարդի, որոնց պատճառով հարիւրաւորներ զոհուած են, իսկ հազարաւորներ` տեղահանուած ու արտաքսուած:

Ցաւալի է, որ 30 տարի անց ալ Ազրպէյճանը կը շարունակէ իր անցեալին հանդէպ պատասխանատուութենէ խուսափելու վարքագիծը, յունուարեան դաժան օրերու սլաքները այլ ուղղութեամբ տանելու եւ ինքզինք իբրեւ զոհ ներկայացնելու միջոցով:

Հայատեացութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազրպէյճանի քաղաքականութեան գերակայութիւնը, արտայայտուելով անգամ կրթութեան, գիտութեան, մարմնակրթութեան ու մշակոյթի ոլորտներուն մէջ:

20-րդ դարու վերջաւորութեան տեղի ունեցած ոճիրը թէեւ արձանագրուած եւ դատապարտուած է միջազգային հանրութեան կողմէ, սակայն անոր կազմակերպիչներն ու իրագործողները որեւէ իրաւական պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած: Միւս կողմէ, Ազրպէյճանէն արտաքսուած եւ Արցախ ապաստան գտած մարդիկ այդպէս ալ միջազգային կարգավիճակ ու աջակցութիւն չեն ստացած, եւ պատերազմի շեմին կանգնած ու սուղ պայմաններու մէջ ապրող Արցախն էր, որ մայր հայրենիքի հետ իր ուսերուն վերցուցած էր ազրպէյճանահայութիւնը  ընդունելու եւ կենսական պայմաններով ապահովելու պարտականութիւնը:

Արցախի Հանրապետութիւնը միշտ բարձրաձայնած է այս մասին, կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն ու խորհրդարանական կառոյցներուն` իրաւական գնահատական տալու տեղի ունեցածին եւ կանխելու Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով իրականացուող հայատեաց քաղաքականութիւնը:

Արցախը հետեւողական պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի տարբեր բնակավայրերուն մէջ հայութեան հանդէպ իրագործուած ցեղասպանութեան կազմակերպիչները եւ իրականացնողները պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցին մէջ», յայտարարեց Աշոտ Ղուլեան:

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցած Է Գէորգի Կուտոյեանի Հոգեհանգիստը

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Արցախի Պատգամաւորները Պաքուի Մէջ Հայերու Ջարդերը Դատապարտող Յայտարարութիւն Ընդունած Են

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.