Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿՆԵՐԸ ՏԱՆԻՔԷՆ ԻՋԱՆ

January 5, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2011-ը տօնական օր էր Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Աշակերտները իրենց նախասիրած հագուստներով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ առաւօտուն եկած էին դպրոց` միասնաբար տօնելու եւ դիմաւորելու Կաղանդ պապան:

Առաւօտեան պատարագը մատուցեց եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նոր նշանակուած ժողովրդապետ  Նարեկ վրդ. Լուիսեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի կարեւորութեան, որոնցմով հայ ազգը կրցած է հայօրէն գոյատեւել, եւ որոնք  նոր սերունդին յարատեւութիւնը ապահովող հրամայականներ են: Նարեկ վրդ. Լուիսեան աշակերտներուն հասկնալի եւ ըմբռնելի ոճով շեշտեց հայկական եկեղեցիին անհրաժեշտութիւնը եւ անոր յարատեւութիւնը վերագրեց հայ դպրոցին: Վարդապետը իր քարոզը աւարտեց աշակերտները մղելով հպարտ զգալու` Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները ըլլալով:

Պատարագին իր հրեշտակային ձայնով մասնակցութիւն բերաւ հայրենի արուեստագէտ Մարինէ Գրիգորեան, որ երկրորդ անգամ ըլլալով գտնուելով Հարպոյեանի աշակերտներուն հետ` առինքնեց ու հմայեց բոլորը: Իսկ պատարագի աւարտին վարժարանի երգչախումբին կատարողութեամբ տեղի ունեցաւ աշակերտական համերգ մը, որուն ընթացքին հնչեցին Ս. Ծննդեան գեղեցիկ եւ հոգեպարար երգեր:

Տօնական օրուան վերջին բաժինով վարժարանին աշակերտները հրամցուցին կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին անոնք ներկայացուցին երգեր, ասմունք եւ պարեր: Այս միջոցին եւ խանդավառ մթնոլորտը իր ճոխութեան գագաթնակէտին հասցնելով` վարժարանին տանիքէն իջան երկու կաղանդ պապուկներ, որոնք իրենց գալուստի իւրայատուկ ձեւով զուարճացուցին աշակերտները, վարժարանին անձնակազմը եւ ներկայ գտնուող ծնողները: Կաղանդ պապուկները շաքարներ նետելով` սահեցան պատերէն վար եւ աշակերտներուն միանալով` պարեցին ու երգեցին անոնց հետ: Ապա իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները, փակին մէջ գտնուող տօնածառին շուրջ խմբուած, նկարուեցան կաղանդ պապաներուն հետ եւ նուէրներ ստանալով` ուրախութեամբ վերադարձան իրենց տուները:

Հոս հարկ է նշել, որ կաղանդ պապուկներու այս յատկանշական եւ ինքնուրոյն առաքելութիւնը կարելի եղաւ յաջողցնել լիբանանեան բանակի միաւորներուն օժանդակութեամբ, որոնք սիրայօժար ընդունեցին վարժարանին տնօրէնութեան հրաւէրը:

Ուրախ եւ հաճելի օր մը անցընելէ ետք, Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները մեկնեցան` Ս. Ծննդեան եւ Ամանորեայ զոյգ տօներուն առիթներով իրենց արձակուրդին. կը փափաքինք ու կը մաղթենք, որ արձակուրդը ըլլայ յիշատակելի, իսկ յառաջիկայ տարին ըլլայ արդիւնաւէտ եւ յաջողութեամբ լեցուն տարի մը:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ              

Նախորդը

«ՎԱՐԱԳԸ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ»(ՀԵՂԻՆԱԿ` ԶԱՆԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ-ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ)

Յաջորդը

ԿԱՂԱՆԴԸ` ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳ. ՔՈԼԵՃԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.