Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ը Կը Ձեռնարկէ Լիբանանի Անմիջական Օժանդակութեան Համար Նուիրահաւաքի

January 18, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոկտեմբեր 2019-ին սկիզբ առած Լիբանանի տնտեսական տագնապն ու քաղաքական անկայուն իրավիճակը մեծապէս ազդեցին լիբանանահայութեան բնականոն կեանքին վրայ:

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, լրջօրէն հետեւելով իրադարձութիւններուն, չէր կրնար ձեռնպահ մնալ, հետեւաբար նոյեմբեր 2019-ին 5.000 ամերիկեան տոլար տրամադրեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին (ԼՕԽ)` տեղական ծրագիրներու հետեւողական եւ անընդմէջ ընթացքը ապահովելու համար:

Սակայն, կացութիւնը կը շարունակէ բարդանալ, եւ օժանդակութեան խնդրանքով ԼՕԽ-ին դիմող անհատներու քանակը  օրէ օր կը բազմանայ: Կեդրոնական վարչութիւնը եւս 10.000 ամերիկեան տոլար տրամադրեց ԼՕԽ-ին եւ կոչ կ՛ուղղէ Ժողովուրդին մասնակցելու «Լիբանանի անմիջական օժանդակութիւն» խորագիրով նուիրահաւաքին: Նուիրատուութիւնները պիտի յատկացուին հետեւեալ 3 ծրագիրներուն.

. Պնակ մը կերակուր

Սոյն ծրագիրին ընդմէջէն, նուիրատուներ կրնան հովանաւորել ճաշի մատուցումը գաղութի 150 անհատներու/կարիքաւորներու: Առ ի գիտութիւն, նոյն ԼՕԽ-ի ծրագիրն է, որ տարիներէ ի վեր շաբաթը 2 օր տաք ճաշ կը մատուցէ կեդրոնին մէջ:

Ցարդ տիրող պայմաններուն տակ, 2 օրը նուազած է 1 օրուան: Կեդրոնական վարչութիւնը, ներկայ անհրաժեշտութիւնը առաջնահերթ նկատելով, վերահաստատեց ԼՕԽ-ի «Պնակ մը կերակուր»-ը շաբաթական 2 օր մատուցելու նախկին ընթացքը:

Գումար` 500 ամերիկեան տոլար/օրական 150 անհատներու (նկատի ունենալ 1000 ամերիկեան տոլար` շաբաթը երկու օրուան համար):

. Գոյատեւման պիտոյքներ

Սոյն ծրագիրին ընդմէջէն, կարիքաւորներու (որոնք արդէն ԼՕԽ-ին կ՛ապաւինին իրենց օրական դեղորայքին եւ ուտելիքին համար) պիտի յատկացուի մէկ ամսուան ուտեստեղէն, դեղորայք եւ բարեկեցիկ կեանք ապահովելու հիմնական պիտոյքներ:

Գումար` 250 ամերիկեան տոլար:

. Յոյսի արկղ

Սոյն ծրագիրին ընդմէջէն ընտանիքներու պիտի յատկացուի 1 ամսուան ուտեստեղէն:

Գումար` 150 ամերիկեան տոլար/իւրաքանչիւր ընտանիքի մէկ արկղ:

Սրտաբուխ որեւէ նուիրատուութիւն ընդհանուր ֆոնտին օգտակար կրնայ հանդիսանալ:  Կեդրոնական վարչութիւնը, գործակցաբար ԼՕԽ-ին, սոյն նուիրատուութիւնները պիտի յատկացնէ հոն, ուր կարիքը անմիջական է:

Բոլորիս պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ լիբանանահայութեան` օժանդակելու գաղութի մը, որ անցնող տասնամեակներուն իր կառոյցներով, վարժարաններով, մշակութային կեդրոններով եւ կազմակերպութիւններով եղաւ հայապահպանման տիտաններէն մին` մասնակցելով  աշխարհասփիւռ ծրագիրներու իրագործման հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին:

Կոչ կ՛ուղղենք հանրութեան օգնութեան ձեռք երկարելու լիբանանահայ մեր հարազատներուն, որպէսզի կարենանք միասնաբար կեանք մը փոխել եւ ժպիտ բերել հայ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին ու տարեցին:

Նուիրատուութիւնները կատարելու համար դիմել գաղութի ՀՕՄ-ի միաւորին կամ այցելել հետեւեալ կայքը` www.ars1910.org/give.

Նախորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (16) . Միջազգային Եւ Շրջանային Լուրերու Պատրաստութեան Աշխատանքային Հանդիպում

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.