Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակուեցաւ Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլի Եւ Աւստրալահայ Դաշնակահար Արայի Միացեալ Տեսահոլովակը

January 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն համացանցի վրայ էր պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի եւ աւստրալահայ դաշնակահար Արայի առաջին համատեղ տեսահոլովակը` հանրայայտ «Անաստասիա» գծանկարի ամենասիրուած ստեղծագործութեան` «Once upon a December»-ի cover տարբերակը: Անիկա առաջին պահէն սիրուեցաւ դիտողներուն կողմէ` արժանանալով «յուզիչ», «հեքիաթային», «կախարդական» եւ այլ կարծիքներու: Թէեւ համագործակցութեան որոշումը կայացած էր երկու տարի առաջ, սակայն միայն այս դեկտեմբերին յաջողեցան Սիպիլ եւ Արա միաժամանակ հայրենիքի մէջ ըլլալ: Սիպիլը կը պատմէ. «Նախ ստացայ տեսաուղերձ, ուր Արան կը նուագէր  «Once upon a December»-ը, ապա եկաւ երկտող` «Սիպի՛լ, այս դեկտեմբերին կ՛երգե՞ս ինծի հետ»: Ունէինք միայն 10 օր` թէ՛ ձայնագրութեան, թէ՛ նկարահանման համար»: Այնուհետեւ, համագործակցութեան միացաւ նաեւ «The Beautified project»-ի թաւջութակահար Ալեքս Միրզոյեանը, որ արդէն իր մասնակցութիւնը ունեցած է Սիպիլի շարք մը ստեղծագործութիւններուն մէջ:

Երգարուեստի մէջ Սիպիլի ունեցած ձեռքբերումները բազմաթիւ են` «Կախարդական ձայն» (2012), «Հայ երգի դեսպան» (2012), «Սփիւռքի լաւագոյն երգչուհի» (2014), «Ծիծեռնակ»` սփիւռքի պահպանութեան եւ հայ երգը լաւագոյնս տարածելու համար (2017), արժանացած է նաեւ շարք մը շքանշաններու եւ պատուոգրերու: Սիպիլ համերգներով շրջագայած է Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու մէջ, Եւրոպայի շարք մը երկիրներ, Ռուսիա, Իրան, Լիբանան եւ այլն: 2019 դեկտեմբերէն կը ներկայացնէ «Sibil la Reine» հայկական զարդերու եւ հագուստի պարագաներու ապրանքանիշը:

Աւստրալահայ դաշնակահար եւ երգահան Արան ունի բնատուր տաղանդ: Չունենալով երաժշտական կրթութիւն եւ նոթաներ չկարդալով` ան կը ստեղծագործէ բացառապէս լսողութեամբ եւ կրկնակի դափնեկիրն է Մելպուռնի համերգասրահի «Լաւագոյն խմբավար» մրցանակի: Մարզական պարերու ոլորտին մէջ տասնամեակ ձգուող աշխատանքի ընթացքին DanceSport միջազգային միութեան կողմէ Արան երկու անգամ արժանացած է մարզական պարերու Աւստրալիոյ ազգային ախոյանութեան կրկնակի եւ նահանգային եռակի ախոյանութեան կոչումներուն: Արայի` պարողի աստղային ասպարէզը մեկնարկած է ABC-ի «Սթրիքթլի տենսինկ» հեղինակաւոր հաղորդաշարին մասնակցութեամբ: Արան չեխական «Փեթրոֆ» դաշնամուրներու ապրանքանիշի դեսպանն է եւ «Թաթէոսեան Լոնտոն» յայտնի ապրանքանիշի դէմքը:

 

Նախորդը

Իմ Ակնոցով Մտաւորականը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Ժիրայր (Հեղինակ` Եղիկ Ճէրէճեան)

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.