Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 11, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարարի պաշտօնակատար Հասան Մըրատ կոչ ուղղեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան իրերայաջորդ արտակարգ նիստեր գումարելու` մեղմացնելու համար քաղաքացիներուն տառապանքը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կարգ մը զարգացումներու եւ բարդութիւններու պատճառով կառավարութեան նոր կազմի յայտարարութիւնը յետաձգուած է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց գրառում մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ իշխանութիւններուն կողմէ երկրին վատ տնօրինումին վերջ մը դնելու ժամանակը արդէն իսկ հասած է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ եթէ կառավարութեան իմաստով անակնկալ զարգացումներ արձանագրուին, ապա պէտք է լիբանանցիները այդ մասին տեղեակ պահուին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա յայտնեց, որ Իրան այսօր պատիժներու կ՛ենթարկուի` Պաղեստինեան դատին զօրակցութեան համար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ վարչապետ Հասսան Տիապ կառչած կը մնայ մասնագէտներէ բաղկացած եւ միայն 18 նախարար հաշուող կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերուն` աւելցնելով, որ Տիապ իր հրաժարականը պիտի չներկայացնէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ Լիբանան տագնապալի օրեր կ՛ապրի` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է ունենալ վստահութիւն առթող եւ արտաքին ուժերու հաւանութիւնը վայելող ղեկավարութիւն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք լաւատես են կառավարութեան կազմին յայտարարութեամբ` աւելցնելով, որ լիբանանեան բարդ իրականութիւններուն պատճառով է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յաւելեալ ժամանակի կը կարօտի:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց վարչապետ Հասսան Տիապին կառչած մնալու իր ստանձնած պաշտօնին: Ան հաստատեց, որ երկիրը կը գտնուի սովի յեղափոխութեան սեմին` ընդգծելով նոր կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ քաղաքապետարանին դիմաց երէկ տեղի ունեցան երկու տարբեր ցոյցեր, որոնցմէ առաջինը կը պահանջէր քաղաքապետ Ժամալ Այթանիի եւ Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի հրաժարականը, իսկ երկրորդը զօրակցութիւն կը յայտնէր անոնց: Ցոյցերը աւարտեցան երկու տարբեր ցոյցերուն մասնակիցներուն միջեւ արձանագրուած բախումներով:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Զասիփքին. «Սիւլէյմանի Իր Տեսակին Մէջ Իւրայատուկ Անձ Էր, Եւ Անոր Սպանութիւնը Մեզի Համար Ցաւալի Է»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.