Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Նոր Տարուան Եւ Սուրբ Ծննդեան Փառատօն

January 11, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած  իւրայատուկ ձեռնարկով մը հարիւրաւոր փոքրիկներ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տօնեցին Ամանորն ու Ս. Ծնունդը:

Շաբաթ, 4 յունուարին քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահը կը կրէր նոր տարազ մը. ամէն կողմ` գունագեղ կրպակներ, համադամ ուտելիքներ,  Կաղանդ պապուկին տնակը ներկայացնող գեղեցիկ բեմ մը, Ամանորի առնչուող կերպարներ եւ անոնց շուրջ հաւաքուած մօտաւորապէս երկու հարիւր երեխաներ, որոնք անհամբեր կը սպասէին, որ յայտագիրը սկսի: Իսկ սրահի մուտքին տեղադրուած էր գեղեցիկ մսուր մը, որ կը խորհրդանշէր Յիսուս մանուկին ծնունդը: Մանուկներուն կ՛ընկերակցէին մեծ թիւով ծնողներ, որոնք չէին ուզեր անմասն մնալ իրենց զաւակներուն ուրախութենէն:

Յայտագրի առաջին բաժինով ներկայացաւ «Ուիշըզ քամ թրու» խմբակը, որ ղեկավարեց խաղերը, խանդավառեց մթնոլորտը` երգերով ու պարերով: Խմբակին մաս կը կազմէին ամանորեան այլազան կերպարներ` տօնածառը, եղնիկը, աճպարարը, մինիընը, շնիկը եւ ուրիշներ, որոնք միացան փոքրիկներու խաղերուն ու պարերուն: Խաղերը իրենց կարգին այլազան էին ու շատ հետաքրքրական. շահելու պարագային,  խաղացող երեխաները կը ստանային անակնկալ նուէրներ:

Ձեռնարկին բեմավարն էր  մանկապարտիզպանուհի Լուսին Գազանճեանը, իսկ ուսուցչուհիները ստանձնած էին յատուկ անկիւններ, ուր փոքրիկներուն դիմայարդարում կը կատարէին, անոնց հետ Կաղանդի յատուկ ձեռայիններ կը պատրաստէին եւ կարկանդակներ ու կրկնեփուկներ կը զարդարէին: Նշենք, որ սրահին ու բեմին գեղեցիկ յարդարումը արդիւնքն էր մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն  աշխատանքին:

Մինչ այդ տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան անդամները ամէնուրեք գործի վրայ էին. անոնց պատրաստած  համադամ ուտելիքները դէպի սեղանները կը հրաւիրէին ամէնէն ժուժկալներն անգամ: Միւս կողմէ մանուկներուն ներկայութեամբ կը պատրաստուէին յատուկ ուտելիքներ` փոփ քորն, պարուրաձեւ գետնախնձոր, ծոթրինով հաց, քրեփ եւ այլ տեսականի: Երեխաներն ու անոնց ծնողները մեծ ախորժակով ճաշակեցին բոլորը:

Ապա հասան Մեղեդին ու Սիլվան, որոնք երգերու նոր շարքով մը խանդավառեցին ներկաները` պատրաստելու համար զիրենք օրուան պատուոյ հիւրը` Կաղանդ պապուկը, դիմաւորելու:

Ու վերջապէս հասաւ Կաղանդ պապան, որ դիմաւորուեցաւ երգերով եւ ուրախութեան բացագանչութիւններով: Կաղանդ պապուկը բարձրացաւ բեմի իր տնակը, ուր զինք անհամբեր կը սպասէր Կաղանդ մաման: Բաւական յոգնած` բայց միշտ ուրախ եւ աշխուժ պապուկը պատմեց իր արկածախնդրութիւններուն մասին: Ապա առիթը տրուեցաւ, որ ներկայ փոքրիկները մէկ առ մէկ նստին Կաղանդ պապուկին գիրկը ու նկարուին, ապա ստացան նուէր մը:

Կաղանդ պապան, որ Հայաստանէն գալով ու շատ մը երկիրներ դառնալով` բաւական յոգնած էր, պէտք էր ցտեսութիւն ըսէր փոքրիկներուն ու հեռանար: Թէեւ դժուար էր այս խանդավառ մթնոլորտէն հեռանալ, սակայն յայտագիրը հասած էր իր աւարտին: Մանուկներն ու իրենց ծնողները գոհունակութեամբ եւ ուրախ հեռացան սրահէն` տիկնանց յանձնախումբէն խոստում ստանալով, որ այս ձեռնարկը պիտի դառնայ տարեկան աւանդութիւն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին համար:

Նախորդը

Աւստրալիոյ Հսկայական Հրդեհները

Յաջորդը

100-ամեակ, 30-ամեակ. Ամանորեան Խոհեր

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.