Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պապական Նուիրակը Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

January 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պապական նուիրակը հանրապետութեան միւֆթիին յանձնեց խաղաղութեան մասին Ֆրանչիսկոս Բ. պապին նամակը, որուն մէջ ան կը նշէ միացեալ վախերը թօթափելու կարեւորութիւնը` երկխօսութեան եւ իրարու զօրակցութեան ընդմէջէն խաղաղութիւն կերտել կարենալու համար:

Սփիթերի յայտնեց, որ այս նամակը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար գեղեցիկ եւ կարեւոր պատգամ մըն է` աւելցնելով, որ իրենք կ՛աղօթեն Լիբանանի համար, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել իր տագնապն ու դժուարութիւնները:

Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն արագ եւ փրկարար լուծում մը գտնելու` երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ապրուստին վերաբերող տագնապը լուծելու նպատակով:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան այսօր կը դիմագրաւէ դժուար եւ զգայուն կացութիւն մը, որ կարիքը ունի տագնապի արագ լուծման եւ արագ ու յանդուգն որոշումներու կայացումին` երկրին եւ քաղաքացիներուն շահերը ապահովելու նպատակով:

Միւֆթի Տըրիան եւ գերապայծառ Սփիթերի ընդգծեցին, որ իրենք կարիքը ունին միասնաբար աղօթելու, որպէսզի Լիբանան կարենայ շրջանցել իր տագնապը: Անոնք մաղթեցին, որ 2020-ը ըլլայ տագնապներու լուծման տարի մը:

Շէյխ Նայիմ Հասանի Մօտ

Պապական նուիրակը այցելեց նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Գերապայծառ Սփիթերի շէյխ Հասանին յանձնեց խաղաղութեան մասին Ֆրանչիսկոս Բ. պապին նամակը, որուն մէջ բացատրուած են խաղաղութեան յղացքին մասին պապին տեսակէտները:

Շէյխ Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց պապին անոր յղած պատգամին համար եւ բարձր գնահատեց զայն` յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ եւ ամէն իմաստով զգայուն կացութեան ընթացքին:

Շէյխ Հասան մաղթեց, որ ամբողջ մարդկութիւնը կառչած մնայ սիրոյ եւ խաղաղութեան արժէքներուն, ինչպէս նաեւ իսկական եղբայրութեան, որ հիմնուած է երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ` հեռու ամէն տեսակի բաժանումէ, խտրութենէ եւ բռնարարքներու ծրագրումէ:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պէտք Է Անմիջական Քաղաքական Լուծումներ Որդեգրել` Ապահովելու Համար Երկրին Փրկութիւնը»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.