Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՐԱՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕԴԱՆԱՒԱԿԻՐԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼԷ

January 4, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ իրանեան ծովուժի ռազմափորձի պաշտօնական բանբերը յայտարարեց, որ իրանեան ծովուժը իր կատարած ռազմափորձին ընթացքին նպատակները իրականացուցած է, իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանեան բանակի հրամանատար զօր. Աթալլա Սալեհի յայտնած է, որ «Հորմուզի նեղուցէն անցած եւ Օմանի ծովուն մէջ գտնուող ամերիկեան օդանաւակիրին կը յանձնարարենք Պարսից ծոց չվերադառնալ»:

Ան աւելցուցած է, որ «Իրան մտադիր չէ իր զգուշացումը կրկնելու եւ միայն մէկ անգամ կը զգուշացնէ»:

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի կողմէ հրթիռներու փորձարկումի ռուսական առաջին հակազդեցութեամբ մը, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Վատիմ Քովալ յայտնած է, որ «Իրան միջին կամ հեռու հասողութեամբ միջցամաքային հրթիռներ արտադրելու ճարտարագիտութիւնը չունի եւ այսպիսի հրթիռներ մօտիկ ապագային ձեռք պիտի չբերէ»:

Մինչ այդ, փաքիստանեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ փաքիստանցի սահմանապահներուն կողմէ իրանցի երեք զինուորներու ձերբակալութենէն ետք, Իրանի իշխանութիւնները փակած են Փաքիստանի հետ սահմանը:

Երկուշաբթի երեկոյեան իրանցի սահմանապահները սահմանը ապօրինի կերպով խախտածներ հետապնդելու ընթացքին մուտք գործած են փաքիստանեան տարածք, ուր փոխադարձ հրացանաձգութեան պատճառով սպաննուած է փաքիստանցի մը:

Դէպքէն անմիջապէս ետք փաքիստանցի սահմանապահները ձերբակալած են իրանցի զինուորները:

Միւս կողմէ, Իրանի ուժանիւթի նախարարի օգնական Ալի Զապիհի յայտարարեց, որ Պուշեհրի հիւլէական կայանը պիտի բանի իր ամբողջական կարողութեամբ: Կայանը ներկայիս իր կարողութեան միայն 50 առ հարիւրով կը բանի: Ան նշեց, որ կայանը իր ամբողջական կարողութեամբ պիտի բանեցուի յառաջիկայ փետրուարին` իսլամական յեղափոխութեան տարեդարձի նշման ընթացքին:

Իրանի ուժանիւթի նախարար Մաժիտ Նամժու իր կարգին յայտարարեց, որ կայանը յառաջիկայ ամիս իր ամբողջ կարողութեամբ բանեցուելէ առաջ փորձարկումի պիտի ենթարկուի, «եւ կայանի բանեցման համար թեքնիք որեւէ հարց գոյութիւն չունի»:

 

 

Նախորդը

ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԻՐ ԵՐԿԻՐԸ ՄԱՍՆԱՏԵԼՈՒ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ՕՏԱՐՆԵՐՈՒ ՓՈՐՁԵՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

Յաջորդը

ՍԱՐՔՈԶԻ ԱՍԱՏԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.