Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ճի՞շդը, Թէ՞ Լաւը

December 31, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Կասկածէ վեր է, որ ներկայիս առանց արհեստագիտութեան մարդ շատ դժուար կրնայ գոյատեւել, մինչ (ըստ կարգ մը գիտնականներու) արհեստագիտութիւնը ապագային պիտի գոյատեւէ առանց մարդուն:

Արհեստագիտութիւնը վերջին քանի մը տարիներուն մուտք գործեց ֆութպոլի խաղերու աշխարհ` «ՎԱՐ» անունով (Վիտէօ օգնական իրաւարար), որուն միջոցով նշանակուած կոլեր կը հաստատուին կամ չեն հաստատուիր, կարմիր, դեղին քարտեր եւ փենալթիներ կը տրուին, օֆսայտներ կը ճշդուին:

Այդ ընթացքին խաղը քանի մը վայրկեան կանգ կ՛առնէ:

«ՎԱՐ»-ի օգտագործումը անշուշտ որդեգրուեցաւ խաղի իրաւարարութեան ճշգրտութիւնը ապահովելու նպատակով: Այդ առումով պէտք է հաստատել, որ բաւական յաջող է:

Բայց…

Անցեալ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի մրցումներուն, «ՎԱՐ»-ի չափազանց օգտագործումը  հաճելի չեղաւ, խաղերուն հեզասահ ընթացքը խանգարեց:

10 մրցումներու կէսին ականատես եղանք կոլերու, որոնք չընդունուեցան «ՎԱՐ»-ի որոշումով: Կարգ մը պարագաներու նոյն խաղին ընթացքին քանի մը անգամ դիմեցին ատոր, իսկ մրցումի մըն ալ փենալթիի առնչութեամբ` 3 վայրկեաններու մէջ երկու անգամ:

Այս բոլորը անշուշտ սխալներէ խուսափելու, ճշգրիտ ըլլալու, աւելի՛ ճշգրիտ ըլլալու ձգտումով:

Ամէնէն ծայրայեղը պատահեցաւ, երբ նշանակուած կոլ մը իրաւարարը հաստատեց, ապա չեղեալ յայտարարեց, երբ «ՎԱՐ»-ի միջոցով յայտնի դարձաւ, որ յարձակող մարզիկին ձեռքին մատները օֆսայտ դիրքի վրայ էին…

Անշուշտ շատ ճշգրիտ որոշում էր:

Հարցում մը կը յառաջանայ սակայն. ըստ էութեան հաճոյքի, ժամանցի համար ստեղծուած մարզական խաղ մը, կրնա՞յ երկար գոյատեւել, եթէ այսքան ճշգրտութիւն մտցուի, քանի մը անգամ մրցումը երկարատեւ ընդհատուի: Կասկածելի է:

Հետզհետէ կ՛աւելնայ «ՎԱՐ»-ի միջամտութիւնը եւ կը նուազի իրաւարարին հեղինակութիւնը:

Ֆութպոլը խաղերու թագաւոր նկատուած է յատկապէս իր մարդկային գործօնին համար, որուն մէջ` նոյնպէս սխալները:

Խումբի պատասխանատուներու, մարզիչներու, մարզիկներու, իրաւարարներու, լրատու միջոցներու մեկնաբաններու սխալներուն մասին մարդիկ կը զրուցեն, կը վիճին, կը հայհոյեն, կը կռուին, կ՛ուրախանան, կու լան, երդում կ՛ընեն անգամ մըն ալ խաղի չերթալ, յաջորդ խաղին առաջին դաշտ հասնողներէն կ՛ըլլան: Ասոնք բոլորը այսպէս կոչուած ֆութպոլի մշակոյթին մաս կը կազմեն, կեանք մըն են, ոմանց համար` կեանքէն աւելի բան մը…

Բացարձակ ճշգրտութիւնը եւ «ՎԱՐ»-ի ընդհատումներով մրցումին կշռոյթին խանգարումը կրնայ հաճոյքի բաժինը նուազեցնել:

Արհեստագիտութեան հետզհետէ աւելի զարգացումով, ապագային դաշտերուն մէջ իրաւարարի կարիք պիտի չզգացուի, իսկ օր մըն ալ մարզիկներու փոխարէն դաշտ պիտի իջնեն մարդամեքենաներ, որոնք շատ ճշգրիտ ֆութպոլ պիտի խաղան:

Աշխարհահռչակ խմբավար Օհան Տուրեան դիպուկ խօսք մը ունի:

Երիտասարդ մը ձայնամարզութեան հետեւելու համար կը դիմէ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց, ուր մուտքի քննութեան ատեն երգ մը կ՛երգէ: Դատական կազմին մէջ գտնուող Օհան Տուրեան կ՛ըսէ.

– Տղա՛ս, ճիշդ երգեցիր: Հիմա լա՛ւ երգէ…

Ըստ ձեզի, ճի՞շդը հաճելի է, թէ՞ լաւը:

Լսա՞ծ էք մէկը, որ ըսէ. «Տօնական օրերուն առիթով ճիշդ մաղթանքներ»:

Ամէն պարագայի, շնորհաւոր Նոր տարի եւ… տօնական օրերուն առիթով` ԼԱՒ մաղթանքներ: Լաւ եղէք:

 

 

Նախորդը

Արցախի Ախոյեանը Որոշուեցաւ Վերջին Հանգրուանին

Յաջորդը

Պայտըն Բացատրած Է, Թէ Ինչո՛ւ Չ՛ուզեր Ցուցմունք Տալ Թրամփի Պաշտօնազրկման Գործով

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.