Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծխախոտ Ծախող Գեղանուշը

December 31, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՏԷՆՃԵԱՆ

Դպրոցի ժամերէն ետք, ամէն օր, Գեղանուշ կ՛առնէր ծխախոտի խաւաքարտէ տուփը եւ կ՛իյնար փողոց: Իր բուն անունով կանչելու տեղ, հայրն ու մայրը զինք Գեղեցիկ անունով կը կանչէին, իսկ ծանօթներ ալ, հետեւելով ծնողքին, նոյնպէս Գեղեցիկ կը կանչէին, որովհետեւ ան թէ՛ մարմնով եւ թէ՛ հոգիով գեղեցիկ էր:

Աշուն անցաւ, ձմեռ եկաւ` հետը բերելով Նոր տարին: Այդ օր Կաղանդի գիշեր է: Գեղեցիկ իրաւացիօրէն կ՛ակնկալէ, որ սովորական օրերէն աւելի ծխախոտ պիտի ծախէ: Ծնողքը նիւթական օգնութեան կարօտ էին, հակառակ անոր որ հայրը ճարտարագէտ էր, իսկ մայրը` դասատու: Հայաստան նոր անկախացած էր` Խորհրդային Միութեան փլուզման պատճառով, իսկ դրացի Ազրպէյճանը պաշարած էր Հայաստանը` թէ՛ արեւելքէն եւ թէ՛ հարաւէն, իսկ արեւմուտքէն` օսմանցի եւ ազերի թուրքեր միասնաբար շրջափակած էին երկիրը:

Գեղեցիկին հայրը անկախութեան պատճառով անգործ մնացած էր: Դասատու մայրը, շրջան մը աշխատելէ ետք, աշակերտի չգոյութեան պատճառով արձակուած էր դպրոցէն: Հայ ժողովուրդը մէկ օրէն միւսը աղքատացած էր: Ամէն մարդ օրապահիկը շահելու վազքին մէջ էր: Վաշխառուներ դրամ փոխ կու տային եւ մարդոց կալուածին կը տիրանային: Շատեր տուներնին կորսնցուցած էին. ուրիշներ օտար երկիրներ գաղթած էին աւելի լաւ պայմաններ գտնելու յոյսով:

«Այս մեր երկիրն է, մեր պապերէն մնացած միակ ժառանգութիւնը,- ըսած էր Գեղեցիկին հայրը-  եթէ հոս չկրցանք գոյատեւել, օտար երկրի մէջ պիտի ոչնչանանք»:

Այդ պատճառաբանութեամբ որոշած էին մնալ Հայաստանի մէջ, հայրենիքին մէջ:

Գեղեցիկին հօրը նախկին գործընկեր մը առաջարկած էր ծխախոտ ծախել: Ամերիկեան ընտիր ծխախոտ կը ներածուէր Հայաստան մաքսանենգութեան միջոցով: Իսկ Հայաստանի ժողովուրդը, այր թէ կին, պատանի կամ ծերունի, կը ծխէր եւ առանց ծխախոտի, այն ալ` ամերիկեան, չէր կրնար ապրիլ: Ծխելու մոլութիւնը աւելի զօրաւոր էր, քան` հացի կարօտը: Կրնային անօթի մնալ, բայց չէին կրնար անծուխ ապրիլ: Հիւրասիրութեան նշան էր ծխախոտ հրամցնել իրարու` ըլլա՛յ գործատեղիին մէջ, ըլլա՛յ տան մէջ:

Գեղեցիկ սկսաւ ծխախոտ ծախել եւ ամէն տուփ մը ծխախոտի հետ լուցկիի տուփ մըն ալ նուիրել:

Կաղանդի օր. ճամբաները` լուսաւորուած եւ զարդարուած: Օդը ցուրտ էր եւ մարդիկ այդ օր կ՛աճապարէին շուտ տուն դառնալ եւ խնճոյքի սեղանին նստիլ: Պայման չէր` առաջուան պէս ճոխ ըլլար սեղանը, ինչ որ ունէին անով պիտի գոհանային: Աղքատութեան խոշոր ցաւը իմանալու համար տօնական օր մը գալու է: Պարզ,  սովորական օրերուն, ինչպէս ալ ըլլայ, գէշ-աղէկ կը տոկացուի:

Երեւանի փողոցները սառելու սկսած էին եւ մարդոց ներկայութիւնը` նօսրանալ:

Գեղեցիկ ուզեց, որ ինքն ալ տուն դառնայ ցուրտին եւ գնողներու սակաւութեան պատճառով: Ամբողջ օրը փողոցին մէջ մնացած էր, որպէսզի քանի մը տուփ ծխախոտ ծախէ: Դէմը զոյգ մը հարբած մարդիկ ելան: Սկսան Գեղեցիկին լպրշօրէն նայիլ. անվայել խօսքեր ըսին մանկատի աղջկան հասցէին, որ սկսաւ վախնալ անոնցմէ:

Գեղեցիկ զգաց, որ այդ մարդիկը չար են եւ խոյս տալ ուզեց: Սկսաւ դէպի տուն քալել: Հարբած մարդիկը մայթին մէկ կողմէն միւսը ուզեցին անցնիլ: Այդ միջոցին, ինքնաշարժ մը երեւցաւ, երբ հարբածները ճամբուն մէջտեղ կը գտնուէին: Վարորդը զանոնք չվթարելու համար արգելակին կոխեց: Ինքնաշարժը սկսաւ սահիլ սառած ճամբուն վրայ. վարորդը չէր կրնար զայն զսպել: Ինքնաշարժը սահեցաւ, սահեցաւ ու զարնուեցաւ Գեղեցիկին, որ ակնապիշ կը նայէր վրան եկող հրէշ ինքնաշարժին: Կառքը մայթին վրան ելաւ ու Գեղեցիկ վիրաւորուելով` ինկաւ գետին: Վարորդը վար իջաւ ինքնաշարժէն եւ սկսաւ հարբածները անիծել:

«Ձեր պատճառով պատահեցաւ: Ուրկէ՞ դէմս ելաք», պոռաց անոնց վրայ:

Գեղեցիկին բերնէն արիւն կը հոսէր: Վարորդը վախցաւ, որ ան մահացած էր: Մինչ այդ հարբած մարդիկը մօտեցան եւ ապուշ խօսքեր ըսելով` բարկացնել ինքնաշարժին անմեղ վարորդը: Ան անմիջապէս Գեղեցիկը վերցուց եւ ինքնաշարժին մէջ տեղաւորեց: Հարբածները հարցուցին, թէ ո՞ւր պիտի տանէր զայն:

«Սատանին», գոռաց մարդը ինքնիրմէ ելած եւ անիծելով այն վայրկեանը, երբ անոնց հանդիպած էր: Աղջնակը պէտք էր հիւանդանո՞ց հասցնել, թէ՞ տուն. չէր գիտեր` ի՛նչ ընել: Որոշեց շուտով հիւանդանոց հասցնել, ուր կրնային կեանքը փրկել: Իրեն ալ խղճի խայթ պիտի ըլլար, եթէ խեղճը մահանար: Զոհը նուաղած էր, ուստի տան հասցէն չէր կրնար իմանալ:

Մայթին վրայ ելած ինքնաշարժը շտկեց եւ ուշադրութեամբ քշեց, որ ուրիշ արկած մըն ալ չպատահի: Ճամբաները սառած էին եւ վտանգաւոր:

Վերջապէս հասաւ հիւանդանոց եւ շտապ օգնութեան պատասխանատուներ վազեցին ու վթարուած աղջիկը յանձն առին: Մէկ կողմէ արիւնը կը լուային, միւս կողմէն` կ՛աշխատէին Գեղեցիկը կեանքի կոչել:

Շատ ջանացին թէ քիչ, Գեղեցիկ աչքերը բացաւ: Հետաքրքիր կը նայէր չորս դին: Ո՞ւր էր: Յիշեց, որ ինքնաշարժ մը վրան քալած էր: Րոպէ մը կարծեց, որ անդի աշխարհ մեկնած է: Երբ նկատեց զինքը խնամող բժիշկը, այն ատեն հասկցաւ, որ հիւանդանոց կը գտնուէր:

Բժիշկը թէ՛ կը խնամէր եւ թէ՛ շարունակ հարցումներ կ՛ուղղէր Գեղանուշին: Հարցուց անոր հօր անունը, տան հասցէն, մինչ ապահովութեան ոստիկան մը ականջալուր կ՛ըլլար եւ կը նոթագրէր խօսակցութինը: Յետոյ ինքնաշարժի վարորդը հարցաքննեց եւ անոր մանրամասն լսելէ ետք, ոստիկանը Գեղանուշին ծնողքին տեղեկացուց արկածին մասին, որուն ենթարկուած էր իրենց աղջիկը:

Ծնողքը աճապարանքով եկան հիւանդանոց: Տօնական պատրաստութիւնը խանգարուած էր: Իրենց սիրասուն զաւակը ստոյգ մահէ փրկուած էր: Աւելի լաւ էր տօնը զոհել, քան իրենց աղջիկը:

Զոյգ մը գինով մարդիկ, անամօթ եւ անպատկառ, պատճառ դարձած էին Գեղանուշին վթարի ենթարկուելուն:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ոչնչանում Են Թիֆլիսի Սուրբ Մինաս Եկեղեցու Աւերակները

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.